Հայաստանի մէջ պիտի իրականացուի Փրիմաքովի հրապարակային դատական քննութիւնը

Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ, ի յիշատակ Աւետիսեաններու ընտանիքին, որու վերջին զոհն էր 6ամսեայ փոքրիկ Սերիոժան: Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ մամուլին տրուած հաղորդումին, 6ամսեայ փոքրիկի առողջական վիճակը կտրուկ վատացած էր: Իր կեանքին համար պայքարող երեխային մօտ խորացած էր երիկամային եւ սրտանօթային անբաւարարութիւնը: Հակառակ հայաստանեան եւ արտերկրի յառաջատար մասնագէտներուն կողմէ ձեռնարկուած վերակենդանացման շարունակական միջոցառումներուն՝ ցուցանիշները կարելի չէ եղած բարելաւել, տեղի ունեցած են անդառնալի փոփոխութիւններ, որոնք յանգեցուցած են մահուան:
Երէկ ամբողջ օրը, Երեւանի, Գիւմրիի, Ստեփանակերտի եւ այլ քաղաքներու մէջ հոգեհանգիստի եւ մոմավառութեան արարողութիւններ տեղի ունեցան: «Ազատութեան» հրապարակին վրայ քար լռութիւն էր: Ժողովրդային սուգի այս պահը միաւորած էր բոլորը. հրապարակը լեցուցած էին տարէցներ եւ մանուկներ, որոնք սրտի խոր ցաւով սգակից էին: Շատեր անցան հրապարակէն, մոմ մը վառելով, կամ փոքրիկ Սերիոժայի նկարին առջեւ խաղալիք մը ձգելով:

Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմինը կը ցաւակցի

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը երէկ մամլոյ հաղորդագրութիւն տարածած է, իր խոր ցաւը յայտնելով: Հոն գրուած է թէ «ՀՅԴ ԳՄը խոր կսկիծով ստացաւ Գիւմրիում Յունուարի 12-ին անմարդկային սպանդի հետեւանքով վիրաւորուած եւ 7 օր շարունակ կեանքի ու մահուան միջեւ պայքարող 6-ամսեայ փոքրիկ Սերիոժայի մահուան բոթը:
Մեր ողջ կազմակերպութեան անունից ցաւակցում ենք եւ կիսում Աւետիսեան գերդաստանի, գիւմրեցիների, մեր ողջ ժողովրդի վիշտը, ցաւն ու բողոքը:   
Որեւէ բառ, խօսք, ցաւակցութիւն չի կարող սփոփել մեր ցանկացած հայրենակցի, ամէն մի բանական մարդու կսկիծն ու հոգու խռովքը: Միաժամանակ վերահաստատում ենք մեր ներկայացուցիչների կողմից նախկինում էլ հրապարակայնօրէն պարբերաբար հնչեցրած պահանջը:
 Գիւմրում Աւետիսեան գերդաստանի ոճրային սպանութեան գործի քննութիւնը եւ հետագայում նաեւ դատաքննութիւնը պէտք է կայանայ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում, ՀՀ օրէնքներին համապատասխան»:

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ քննչական կոմիտէները Գիւմրիի գործով համակարգող մարմին կը ստեղծեն

Հայաստանի քննչական խորհուրդի նախագահ Աղուան Յովսէփեանի հրաւէրով երէկ Հայաստան հասած է Ռուսիոյ քննչական խորհուրդի նախագահ Ալեքսանտր Փասթրիքին: Ըստ քննչական խորհուրդի տեղեկատուութեան ծառայութեան, Յովսէփեան եւ Փասթրիքին նախապէս հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած սպանութեան գործի քննութեան վերաբերող հարցերը: Անոնք պայմանաւորուած են համատեղ հետաքննել Գիւմրիի մէջ Աւետիսեան ընտանքի եօթ անդամներու սպանութիւնը, որուն համար կը մեղադրուի ռուսաստանցի ժամկէտային զինծառայող Փրիմաքովը: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը` յղում ընելով ՌԻԱ Նովոսթին, յայտնած Է Ռուսիոյ քննչական կոմիտէի պաշտօնական ներկայացուցիչ Վլատիմիր Մարքինը:
Նախապէս Փասթրիքինը յայտարարած է, որ Գիւմրիի մէջ սպանութիւններու գործով հրապարակային դատական գործընթացը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:

Ան նշած է, որ Ռուսաստանը լիակատար փոխըմբռնման հասած է Հայաստանի հետ, եւ կայ այն բանի յստակ պատկերացումը, թէ ինչպիսին պէտք է ըլլայ ռուսական իրաւասու մարմիններու օգնութիւնը Հայաստանի իրաւապահ մարմիններու կողմից իրականացուող հետաքննութեան:
Մարքինի խօսքով՝ գործի քննութիւնը եւ անոր հետ կապուած բոլոր ընթացիկ գործողութիւնները պիտի իրականացուին միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն եւ երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուած փաստաթուղթերուն համապատասխան:

Նախագահ Սարգսեան. «Յանգեցաւ լոյսը, որ Գիւմրիի ոճրագործութենէն ետք բոլորիս միակ սփոփանքն էր»

Երէկ տեղի ունեցաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ալեքսանդր Փասթրիքինի հանդիպումը:
Ռուս պատասխանատուն յայտնած է թէ Հայաստանի մէջ պիտի իրականացուի հրապարակային դատական քննութիւնը:
Նշենք, որ փոքրիկ Սերիոժա Աւետիսեանի մահէն անմիջապէս ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հրապարակած էր հետեւեալ ցաւակցական խօսքը: «Մենք չյաջողեցանք փրկել փոքրիկ Սերիոժայի կեանքը: Հակառակ հայ եւ ռուս բարձրակարգ բժիշկներու անսահման ճիգերուն, մենք կորսնցուցինք զայն: Հանգեցաւ լոյսը, որ  Գիւմրիի ոճրագործութենէն ետք բոլորիս միակ սփոփանքն էր, որ անվերականգնելին գոնէ չափով մը լեցնելու համար մեզի ընելիք կը ձգէր: Աւա՜ղ, չեղաւ, հակառակ կարելի եւ անկարելի բոլոր ջանքերուն՝ չեղաւ: Կը ցաւակցիմ Աւետիսեաններու հարազատներուն, բոլոր գիւմրեցիներուն, մեր ամբողջ ժողովուրդին: Ճիշդ է՝ ցաւակցութիւնները, որքան ալ հնչեն, պիտի չփարատեն վիշտը, եւ ետ պիտի չբերեն կորուստը, բայց պէտք է դիմանալ: Պէտք է ուժ եւ տոկունութիւն գտնել: Ապրելու ուրիշ բանաձեւ չկայ: Պէտք է շարունակել ապրիլ եւ արդար հատուցման հասնիլ այս բոլոր ցաւերուն եւ այս ոճրագործութեան համար»: