Մինչ նախագահ Սարգսեան արդէն տարի մը առաջ Էրտողանը հրաւիրած էր ներկայ գտնուելու Ապրիլ 24-ին՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման, հիմա վերջինս Սարգսեանը Ապրիլ 24-ին կը հրաւիրէ Գալիփոլիի ոգեկոչման եւ թէ

ճի՛շդ այդ նոյն թուականին՝ Ապրիլ 24-ին։ Թուրքիոյ նախագահը, Ապրիլ 23-ին եւ 24-ին տեղի ունենալիք երկօրեայ արարողութիւններուն համար հրաւէրներ ղրկած է աշխարհի 101 պետական ղեկավարներու, ի շարս որոնց՝ Օպամայի։

 

Նա­խագահ Սարգսեան մեր­ժած է հրա­ւէրը

Նա­խագահ Սարգսեան Յու­նուար 16ին պա­տաս­խան նա­մակ յղած է Էր­տո­ղանին՝ մեր­ժե­լով այդ հրա­ւէրը։ Ան դի­տել տուած է, որ Կա­լիփո­լիի ճա­կատա­մար­տի 100ամեակը 24 Ապ­րի­լին նշե­լու թրքա­կան քա­ղաքա­կանու­թիւնը կը մի­տի հա­մաշ­խարհա­յին ու­շադրու­թիւնը շե­ղելու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամեակին նուիրուած նա­խաձեռ­նութիւննե­րէն, մինչդեռ Թուրքիան շատ աւե­լի կա­րեւոր պար­տա­կանու­թիւն ու­նէր կա­տարե­լիք իր ժո­ղովուրդին եւ ողջ մարդկու­թեան հան­դէպ, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչումն ու դա­տապար­տումն է:
Նա­խագահ Սարգսեան նա­մակին մէջ կ՚ըսէ.
«Ստա­ցայ Գա­լիպո­լիի ճա­կատա­մար­տի հա­րիւ­րա­մեակի յի­շատա­կի մի­ջոցա­ռումնե­րին մաս­նակցե­լու՝ ինձ ուղղուած ձեր հրա­ւէրը։
Յի­րաւի, Առա­ջին աշ­խարհա­մար­տը մարդկու­թեան պատ­մութեան ամե­նազար­հուրե­լի էջե­րից է, որ մի­լիոնա­ւոր ան­մեղ մարդկա­յին կո­րուստնե­րի եւ ճա­կատագ­րե­րի խեղ­ման պատ­ճառ դար­ձաւ։
Գա­լիպո­լիի ճա­կատա­մար­տի մաս­նա­կից էր նաեւ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան զօր­քե­րի հա­յազ­գի հրե­տա­նա­ւոր, կա­պիտան Սար­գիս Թո­րոս­եանը. սպայ, որ նուիրուել էր կայսրու­թեան պաշտպա­նու­թեան ու անվտան­գութեան ապա­հով­մա­նը եւ հա­ւատա­րիմ ծա­ռայու­թեան ու սխրանքնե­րի հա­մար Օս­մա­նեան կայսրու­թեան կող­մից ար­ժա­նացել էր ռազ­մա­կան պար­գեւնե­րի։ Մինչդեռ, նոյն թուակա­նին իր գա­գաթ­նա­կէտին հա­սած՝ Օս­մա­նեան կայսրու­թեան կող­մից հայ ժո­ղովրդի նկատ­մամբ նա­խապէս ծրագ­րուած եւ իրա­կանա­ցուած զան­գուածա­յին ջար­դե­րի ու բռնի տե­ղահան­ման ալի­քը չշրջան­ցեց ան­գամ Սար­գիս Թո­րոսեանին։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեանը զոհ գնա­ցած մէ­կու­կէս մի­լիոն Հա­յերի թւում էին նրա ծնող­նե­րը, ով­քեր դա­ժանա­բար սպա­նուե­ցին, իսկ քոյ­րը մա­հացաւ Սի­րիայի անա­պատում։
Հէնց նա­խադէ­պը չու­նե­ցող այդ կո­տորա­ծի ար­դիւնքում էր, որ Ռա­ֆայէլ Լեմ­կի­նը ստեղ­ծեց “ցե­ղաս­պա­նու­թիւն” եզ­րոյթը, եւ դրա ան­պատժե­լիու­թիւնն էր, որ հող նա­խապատ­րաստեց Հո­լոքոս­տի եւ Ռուան­դա­յում, Կամ­բո­ջայում ու Դար­ֆուրում ցե­ղաս­պա­նու­թիւննե­րի հա­մար։
Ըստ ձեզ՝ Գա­լիպո­լիի մար­տե­րը ոչ միայն Թուրքիայի, այ­լեւ ողջ աշ­խարհի հա­մար պա­տերազ­մից ծնունդ առած բա­րեկա­մական յա­րաբե­րու­թիւննե­րի առանձնա­յատուկ օրի­նակ են, իսկ ճա­կատա­մար­տի դաշ­տը՝ պա­տերազ­մի դա­ռը ժա­ռան­գութեան մա­սին յի­շեց­նող խա­ղաղու­թեան եւ բա­րեկա­մու­թեան յու­շարձան։ Մի կողմ թող­նե­լով բո­լորին քաջ յայտնի Գա­լիպո­լիի ճա­կատա­մար­տի նշա­նակու­թիւնը կամ Թուրքիայի վի­ճայա­րոյց դե­րակա­տարու­թիւնը Առա­ջին եւ Երկրորդ հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազմնե­րի ըն­թացքում՝ անհրա­ժեշտ է յի­շել, որ խա­ղաղու­թիւնը եւ բա­րեկա­մու­թիւնն առա­ջին հեր­թին պէտք է հիմ­նուած լի­նեն սե­փական ան­ցեալի հետ առե­րես­ման խի­զախու­թեան, պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան, ինչպէս նաեւ հա­մամարդկա­յին յի­շողու­թեան՝ ոչ թէ ընտրո­վի, այլ ամ­բողջա­կան ճա­նաչ­ման վրայ։
Աւա՜ղ, Թուրքիան շա­րու­նա­կում է ժխտո­ղակա­նու­թեան իր աւան­դա­կան քա­ղաքա­կանու­թիւնը եւ տա­րէց­տա­րի «կա­տարե­լագոր­ծե­լով» պատ­մութեան աղ­ճատման իր գոր­ծի­քակազ­մը՝ Գա­լիպո­լիի մար­տե­րի հա­րիւ­րա­մեակն այս տա­րի առա­ջին ան­գամ նշում է Ապ­րի­լի 24ին, այն դէպ­քում, երբ դրանք սկսուել են 1915 թուակա­նի Մար­տի 18ին եւ շա­րու­նա­կուել մին­չեւ 1916 թուակա­նի Յու­նուարի վեր­ջը, իսկ դաշ­նա­կից­նե­րի ափ­հանման օպե­րացիան՝ Գա­լիպո­լիի ցա­մաքա­յին մար­տե­րը սկսուել են Ապ­րի­լի 25ին։ Ի՞նչ նպա­տակ է սա հե­տապնդում, եթէ ոչ հա­մաշ­խարհա­յին հան­րութեան ու­շադրու­թիւնը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամեայ տա­րելի­ցի մի­ջոցա­ռումնե­րից շե­ղելու պար­զունակ նպա­տակ։ Մինչդեռ, մին­չեւ յի­շատա­կի մի­ջոցա­ռում նա­խաձեռ­նե­լը, Թուրքիան շատ աւե­լի կա­րեւոր պար­տա­կանու­թիւն ու­նէր սե­փական ժո­ղովրդի եւ ողջ մարդկու­թեան հան­դէպ, այն է՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչումն ու դա­տապար­տումը։
Ուստի, խոր­հուրդ կը տա­յի հա­մաշ­խարհա­յին խա­ղաղու­թեանն ուղղուած ձեր կո­չերում չմո­ռանալ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ու­ղերձ յղել աշ­խարհին՝ ոգե­կոչե­լով մէ­կու­կէս մի­լիոն ան­մեղ զո­հերի յի­շատա­կը։ Իւ­րա­քան­չիւրիս պարտքն է գա­լիք սե­րունդնե­րին փո­խան­ցել խե­ղաթիւ­րումից զերծ իրա­կան պատ­մութիւ­նը՝ այդ կերպ կան­խե­լով ոճ­րա­գոր­ծութիւննե­րի կրկնու­թիւնն ու հող նա­խապատ­րաստե­լով ազ­գե­րի, յատ­կա­պէս հա­րեւան ազ­գե­րի մի­ջեւ մեր­ձեցման եւ յե­տագայ հա­մագոր­ծակցու­թեան հա­մար։

Յ.Գ. Ձերդ գե­րազան­ցութիւն, դե­ռեւս մի քա­նի ամիս առաջ հրա­ւիրել եմ ձեզ Երե­ւան՝ 2015 թուակա­նի Ապ­րի­լի 24ին միասին յար­գե­լու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­մեղ նա­հատակ­նե­րի յի­շատա­կը։ Մեզ մօտ ըն­դունուած չէ հիւ­րընկա­լուել հրա­ւիրուողին՝ առանց սե­փական հրա­ւէրի պա­տաս­խա­նը ստա­նալու»։