Կառավարութեան մօտ անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ֆինանսաւորման ութ համաձայնագրերու մեկնարկի արարողութիւնը:
Կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայոնւթեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ համաձայնագրերու մեկնարկի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Թրայան Խրիսթէայի ներկայութեամբ։
Աջակցութեան նոր ծրագիրը, շուրջ 77.5 միլիոն եւրօ՝ 44 միլիառ դրամ, ուղղուած է օժանդակելու Հայաստանի զարգացման եւ բարեփոխումներուն, յատկապէս գիւղատնտեսութեան բնագաւառէն մինչեւ տարածքային զարգացման ծրագիրներ, ինչպէս եւ գաղթականութեան, սահմաններու համալիր կառավարման, քաղաքացիական ծառայութեանց բարեփոխումներու, ջրամատակարարման բարելաւման, Երեւանի մեթրոյի վերակառուցման եւ միջուկային անվտանգութեան ծրագրերու:
Արարողութեան ընթացքին, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան երկու կողմերը:
Թրայան Խրիսթէա իր խօսքին մէջ ըսաւ թէ «Եւրոպական Միութիւնը կÿակնկալէ, որ այս զգալի աջակցութիւնը կը յանգեցնէ նկատելի արդիւնքներու յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին: Խորհրդարանական եւ քաղաքացիական հասարակութեան վերահսկողութեան ներքոյ բարձր մակարդակի յանձնառութիւնը եւ ներքին ամուր աջակցութիւնը անփոխարինելի են Հայաստանի յաջող զարգացման համար:
44 միլիառ դրամ յատկացում՝ Եւրոպական Միութենէն
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ