2015 թուականի Յունուար 16-ին, Հայաստանի մէջ, իր աշխատանքները սկսաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 32-րդ Ընդհանուր ժողովը: Ժողովին կը մասնակցին Հ.Յ.Դ. կազմակերպական բոլոր շրջաններու ներկայացուցիչները, ինչպէս եւ հրաւիրեալ ընկերներ:
Կուսակցութեան բարձրագոյն ժողովի օրակարգը կ'ընդգրկէ Հայաստանի ներքին կեանքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող, ազգային ու պետական առումներով հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարածաշրջանային եւ համաշխարհային խնդիրներ: Կը քննարկուին նաեւ այլ հարցեր: Ժողովի արդիւնքներու մասին պիտի յայտարարուի վերջինիս աւարտէն յետոյ:
Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւան