Յունուար 14-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ դիտարկում նախատեսած էր կատարել

Հադրութի ուղղութեամբ՝ Հորադիզ բնակավայրի մօտ:
ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկման մասնակցեցան ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Խրիստօ Խրիստովը (Պուլկարիա) եւ Իրժի Աբերլէն (Չեխիա)։
Շփման գծի հակառակ կողմէն  դիտարկման մասնակցեցան ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի դաշտային օգնականներ Եւգենի Շարովը (Ուքրանիա), ինչպէս նաեւ ԳՆԱՆ անձնական օգնական Սայմոն Թիլէրը (Մեծն Բրիտանիա) եւ ԵԱՀԿ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից Փեթեր Սվետպերկը (Շուէտ):
Ղարաբաղեան կողմէն ԵԱՀԿ առաքելութիւնը դուրս եկած է առաջապահ դիրքերու վրայ, սակայն ատրպէյճանական կողմէն արձակուած կրակոցի պատճառով ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականները, նպատակայարմար գտած են ընդհատել դիտարկումը, անվտանգութիւնը ապահովելու մտահոգութեամբ:
Դիտարկման առաքելութեան ղարաբաղեան կողմէ կ'ուղեկցէին ԼՂՀ արտաքին գործերու նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները:

 

ԵԱՀԿի նախագահը Երեւանի եւ Պաքուի մէջ պիտի քննէ Արցախի հարցի կարգաւորման գործընթացը

«Թրենտ» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար ու առաջին փոխ վարչապետ Իվիցա Տալիչ Երեւանի եւ Պաքուի մէջ պիտի քննէ Արցախի հարցի կարգաւորման գործընթացը, յառաջիկայ ամիսներուն նախատեսուած այցին ընթացքին։ Տալիչ խոստացած է՝ 2015ին «անմիջականօրէն զբաղիլ հակամարտութիւններու եւ ճգնաժամերու կարգաւորումով»։
2014ի Սեպտեմբեր 10ին, ըստ ատրպէյճանական լրատու գործակալութեանց՝ Տալիչ յայտարարած էր, թէ Ատրպէյճանի ու Սերպիոյ դիրքորոշումները կը համընկնին Ղարաբաղի հարցով: «Մենք կը սատարենք բոլոր երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան», ըսած էր ան՝ ըստ ատրպէյճանական գործակալութեանց:
Աւելի ուշ Սերպիոյ «Թանժուկ» կայքը գրած էր, թէ ատրպէյճանական լրատու գործակալութիւնները «խմբագրած» են Տալիչի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի համատեղ մամլոյ ասուլիսը: «Այն, որ սուտը Ատրպէյճանի գերագոյն աստուածներու պանթէոնին մէջն է՝ լկտիութեամբ զիջելով միայն Ալիեւներու պաշտամունքին, նորութիւն չէ եւ ոչ ալ զարմանալի», նշուած էր յօդուածին մէջ:
«Ստուգումէն ետք պարզուեցաւ, որ Տալիչի վերագրուած յայտարարութիւնը կատարած է Մամետեարովը, իսկ Տալիչ միայն ըսած է, որ անհրաժեշտ է բացառել ուժի կիրառումն ու ջանքերը ուղղել խաղաղ բանակցութիւններու», գրուած էր յօդուածին մէջ: «Հասկնալի է, որ սուտի վրայ հիմնուած ատրպէյճանական հռետորաբանութիւնը ոչ մէկ առնչութիւն կրնայ ունենալ ջանքերը խաղաղ բանակցութիւններուն ուղղելու մասին յայտարարութեան հետ», եզրակացուցած էր յօդուածը։