Էքուատորը կրնայ շատ հեռու ըլլալ Հայաստանէն, սակայն էքուատորցի երաժիշտները Երեւանի մէջ կը շրջագային եւ Հիւսիսային Պողոտայի վրայ համերգներով հանդէս կուգան, հայ ժողովուրդին ներկայացնելով իրենց երկրի մշակոյթը

Էքուատորցի Էդվին Մորանը շատ արագ հայերէնով հաշիւներ ընել սորված է՝ իր պատրաստած երաժշտական գործիքները վաճա- ռելու համար։
Երաժիշտներու «Ինկա սոլ» խումբը գործիքներու վաճառքէն եւ համերգներէն շահած գումարներով կը ճամբորդեն՝ ամբողջ աշխարհին ծանօթ դարձնելու համար իրենց երկրին մշակոյթը:
«Մարդիկ այստեղ կը շփոթեն մեր ազգութիւնը։ Երբեմն կը հարցնեն՝ դուք չինացի՞ էք, ճափոնացի՞ էք։ Ոչ, կը պատասխանեմ, ես Էքուատորէն եմ։ Սակայն շատերը չեն գիտեր, թէ որտեղ է այն», - «Ազատութիւն» կայանի թղաթկիցին հետ զրոյցի պահուն յայտնած է երաժիշտը:
Արդէն մէկ շաբաթ է, որ՝ Հիւսիսային Պողոտային վրայ արտասովոր հնչեղութիւն ունեցող այս մեղեդիները անտարբեր չեն ձգեր Երեւանցիները:
Հարաւ-ամերիկեան Էքուատորէն՝ մայրաքաղաք Կիտոյէն Հայաստան ժամանած երաժիշտները, հիմնականօրէն հետաքրքրուած են դուդուկ գնելու եւ հետագային նաեւ այս աւանդական երա- ժըշտական նուագարանը  սորվելու իմաստով:
Խումբի անդամ Էտվին Մորանը կը պատմէ, որ վեց տարի առաջ մի քանի ընկերներով որոշեցին ճամբորդել՝ իրենց ազգային երաժշտութիւնը աշխարհին ներկայացնելու համար։
Երաժիշտները առաջին անգամ չէ որ Հայաստան կը գտնուին: Անոնք անցեալ տարի եւս եկած էին Երեւան, հայ հանդիսատեսին հնարաւորութիւն տալով ունկնդրելու հնդկացի երաժիշտներու  մոգական գործիքներու նուագը։ Ճամբորդ երաժիշտները որոշած  են Հայաստան այցելել նաեւ ամրան ընթացքին,  ի տարբերութիւն ցուրտ օդին հագած իրենց հագուստներուն՝ կրելով հնդկական աւանդական իրենց տարազները:
Անոնց յատկապէս տպաւորած է հայերէն լեզուն, հայկական լաւաշը , ինչպէս նաեւ համեղ ապուրները։