Հա­յաս­տա­նի մէջ ռու­սա­կան 102-րդ ­ռազ­մա­կա­յա­նի ռուս զին­ծա­ռա­յող ­Վա­լե­րի ­Պեր­մեա­կո­վը ըն­դու­նած է իր յանցանքը Գիւմ­րիի սպան­դի վերաբերեալ:

Երէկ ­Գիւմ­րիի մէջ լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ յայ­տա­րա­րած է այս մասին Ոս­տի­կա­նու­թեան պե­տի ա­ռա­ ջին տե­ղա­կալ ­Յու­նան ­Պօ­ղո­սեա­նը:

­Պօ­ղո­սեա­նի փո­խանց­մամբ` իր ցուց­մուն­քին մէջ ռուս զի­նո­ւո­րա­կա­նը ը­սած է, թէ ռազ­մա­կա­յա­նը լքած է քա­ղա­քին մէջ զբօս­նե­լու նպա­տա­կով եւ յայտ­նո­ւած է ­Միաս­նի­կեան փո­ղո­ցի թիւ 188 տու­նը:

­Գիւմ­րիի սպան­դի մէջ կաս­կա­ծո­ւող ­Վա­լե­րի ­Պա­ւե­լի ­Պեր­մեա­կո­վը յայտ­նա­բե­րո­ւած է հայ-թրքա­կան սահ­մա­նին մօտ` ­Պա­յան­տուր գիւ­ղին մօտ: ­Սահ­մա­նա­պահ­նե­րը ձեր­բա­կա­լած են զայն, այժմ ան կը գտնո­ւի 102-րդ ­ռազ­մա­կա­յա­նին մէջ:

­Յի­շեց­նենք, որ օր մը առաջ ­Գիւմ­րիի ­Միաս­նի­կեան փո­ղո­ցի սե­փա­կան տու­նե­րէն մէ­կուն մէջ սպան­նո­ւած են Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու 7 հո­գի­նոց ըն­տա­նի­քին 6 ան­դամ­նե­րը: Ս­պան­նո­ղը ռուս զի­նուո­րա­կան ­Վա­լե­րի ­Պեր­մեա­կովն է, որ կը ծա­ռա­յէր ռու­սա­կան ռազ­մա­կա­յա­նին մէջ:

­Կը նշո­ւի, որ բո­լո­րը սպան­նուած են ա­նոնց գլխուն ար­ձա­կո­ւած կրա­կոց­նե­րով: Ս­պան­նո­ւած են ըն­տա­նի­քին հայ­րը, մայ­րը, դուստ­րը, որ­դին, որ­դիին կի­նը, վեր­ջին­նե­րուս ե­րե­խան:

Ըն­տա­նի­քին եօթ­նե­րորդ ան­դա­մը` վե­ցէն ութ ամ­սա­կան ­Սե­րեո­ժա Ար­մէն Ա­ւե­տի­սեա­ն անունով երեխան շուտով Երեւանի հի­ւան­դա­նոց տե­ղա­փո­խո­ւած է եւ վի­րա­հա­տո­ւած: Ա­նոր վի­ճա­կը ծանր է: