Երէկ, Յունուար 13-ին, Հ.Յ.Դ. Սիմոն Վրացեան կեդրոնին մէջ մամլոյ ասուլիս մը հրաւիրուեցաւ, մասնակցութեամբ Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակացութեան պատգամաւորներ Արմէն Ռուստամեանի, Աղուան Վարդանեանի եւ Արծուիկ Մինասեանի:
Նախքան ասուլիսի սկիզբը պատգամաւորները իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին մէկ օր առաջ Գիւմրիի մէջ կատարուած

ոճրագործութեան վերաբերեալ՝ յոյս յայտնելով, որ իրաւապահ մարմինները պիտի բացայայտեն այդ սպանդի մանրամասնութիւնները եւ յանցագործը արժանւոյնս կը պատժուի:
Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանը դիտել տուած է, որ ասուլիսը հրաւիրուած է՝ Սահմանադրական փոփոխութիւններու հայեցակարգի վերաբերեալ Հ.Յ.Դ. առաջարկները ներկայացնելու համար: «Հոկտեմբերի 15-ին հրապարակուեց սահմանադրական բարեփոխումների վերջնական հայեցակարգը, մենք պատրաստել ենք այդ հայեցակարգի վերաբերեալ առաջարկութիւններ»,- ըսաւ Աղուան Վարդանեանը:
Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան եւս ըսած է, որ Հայաստանի մէջ եղած խնդիրները կը պահանջեն ոչ թէ պարզ իշխանափոխութիւն, այլ՝ ամբողջական իշխանափոխութիւն: «Իշխանափոխութեանը զուգահեռ պէտք է կատարուի համակարգային փոփոխութիւն, որպէսզի չի շարունակենք դժգոհել նոր իշխանութիւններից, ինչպէս արուել է մինչեւ հիմա: Մենք ցանկանում ենք այս առաջարկութիւնները պարզ ու հասկանալի դարձնել մեր հասարակութեան համար. այն խնդիրները, որոնք ունեն մեր քաղաքացիները կենցաղային մակարդակով, կապուած են Սահմանադրութեան հետ, եթէ այդ կապը չկարողանանք տեսնել, մենք սխալ ուղղութեամբ կը գնանք: Իսկ այդ կապը հաստատուած է ոչ միայն տեսական գիտելիքներով, այլ աշխարհի փորձով»:
Հ.Յ.Դ. առաջարկութիւններու մասին ամբողջական ծրագիրը կը ներկայացնենք յառաջիկային: