Մօտ ապագային Ատրպէյճանը պիտի չփոխէ ղարաբաղեան հարցին մէջ իր քաղաքականութիւնը, NEWS.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ժամանակ  յայտնեց Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի գրասենեակի եւ քաղաքական հարցերով ղեկավար Կիրօ Մանոյեանը՝  2015ի  ղարաբաղեան հարցի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի զարգացումները կանխատեսելով:
Ըստ իր խօսքերուն՝ պաշտօնական Պաքուն շփման գծին վրայ գործողութիւններու կը դիմէ՝  ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման գործընթացէն ունեցած իր դժգոհութեան պատճառով: «Այդկերպ Ադրբեջանն իր դժգոհութիւնն է արտայայտում բանակցութիւնների սեղանին դրուած փաստաթղթից, որը ներկայացրել են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկրները», - վստահ է Մանոյեանը:
Ան նաեւ նշած է, որ Ատրպէյճանը պիտի շարունակէ նման քայլերու դիմել, խախտել հրադադարը եւ փորձել ներգործել ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն վրայ:  «Կարծում եմ՝ ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը ճնշում գործադրի Ադրբեջանի վրայ՝ ճանաչելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, որպէսզի պաշտօնական Պաքուն գիտակցի, որ չի կարող երկար «գերութեան մէջ պահել» խնդրի կարգաւորումը»,- ամփոփելով  իր կարծիքները ըսած է Կիրօ Մանոյեանը: