Գիւմրիի Մուսայելեան փողոցի սեփական տուներէն մէկուն մէջ սպաննած են Աւետիսեաններու 7 հոգինոց ընտանիքին 6 անդամները: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Գալա-ն, սպաննուածներուն մէջ 1,8
տարեկան երեխայ կայ, իսկ 6 ամսական փոքրիկը ծայ- րայեղ ծանր վիճակի մէջ տեղափոխուած է Գիւմրիի Աւստրիական մանկական հիւանդանոց: Ըստ նախնական տեղեկութիւններու, գործած է յանցագործներու խումբ, որոնցմէ մէկը յայտնաբերուած է Գիւմրի-Երեւան ճանապարհին: Ըստ News.am-ի՝ սպաննողը ռուս զինուորական է, որ կը ծառայէր ռուսական ռազմակայանին մէջ:
Անվտանգութեան խիստ միջոցներ ձեռք առնուած են
Յանցագործութեան վայրը շրջափակուած է. այնտեղ կþաշխատին իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցները: Կան նաեւ տեղեկութիւններ, որ նշուած ընտանիքը կþապրէր սովորական կենցաղավարութեամբ, ոչինչով աչքի ինկած է:
Առաջինը զոհերը նկատած է հարեւանութեամբ ապրող ընտանիքին դուստրը, որ սուրճ խմելու նպատակով այցելած էր իր հարազատներուն: Ան նկատած է տան դուռը բաց, պատուհանները՝ կոտրուած, այնուհետեւ անկողինին մէջ սպաննուած գտած է ընտանիքին անդամները, իսկ սեղանին տակ՝ զէնք: Կը նշուի, որ բոլորը սպաննած են անոնց գլխուն արձակուած կրակոցներով: Սպաննուած են ընտանիքին հայրը, մայրը, դուստրը, որդին, որդիին կինը, վերջիններուս երեխան:
Սպանութեան առընչութեան անվտանգութեան խիստ միջոցառումներ ձեռնարկուած են: Դէպքը վայր կը գտնուի Շիրակի մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեանը, փոխ քաղաքապետը՝ Ռուբէն Սանոյեանը, ՀՀ ոստիկանապետի տեղակալը, նաեւ Գիւմրիի 102րդ ռուսական ռազմակայանի հրամանատար Անտրէյ Ռուզինսկին: