«Ուաշինկթըն Փոսթ» կ'անդրադառնայ հարցին

Ինչպէս ծանօթ է Ուրբաթ, Յունուար 2էն Հայաստան դարձաւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամ՝ Ռուսաստանի, Պելառուսի եւ Ղազախստանի հետ միասին:

Այսուհանդերձ, ըստ գործող օրէնսդրութեան՝ Կազմակերպութեան գործադիր մարմիններուն մէջ պիտի ունենայ, առժամաբար, միայն սահմանափակ կազմով ներկայացուցիչներ: Մինչեւ 2015 թուականի աւարտը Եւրասիական Տնտեսական Միութեան մէջ Հայաստանը ներկայացուած պիտի ըլլայ երեք անդամով՝ մէկ ձայնով: Ծառայութիւններու ոլորտին մէջ Հայաստան ԵՏՄ-ի համաձայնագրերուն կը միանայ ընդհանուր հիմերով, իսկ ինչ կը վերաբերի առեւտուրի ոլորտին, նախատեսուած է մինչեւ 2022 աստիճանական անցում ԵՏՄ-ի սակագիներուն:
Մինչեւ 2022 թուականը, Հայաստան կրնայ շարք մը ապրանքներու վրայ կիրարկել Եւրասիական Տնտեսական Միութեան մաքսատուրքերէն տարբեր տուրքեր: Այս ծիրին մէջ կ’իյնայ մսամթերքի եւ մսեղէնի արտադրութիւնը: Նաեւ մինչեւ 2020 թուականը Հայաստանի մէջ, սպառումի կարգ մը իրերու, ինչպէս՝ կաթնամթերքի, հաւկիթի, մեղրի, պտուղներու համար պիտի գործեն առանձին սակագիներ: Բացի ատկէ, Հայաստան որեւէ տուրք պիտի չաւելցնէ պէնզինի սակին վրայ: Նոյն սկզբունքը պիտի գործէ նաեւ դեղօրայքի եւ քիմիական կարգ մը արտադրութիւններու պարագային: Մինչեւ 2021 թուականը Հայաստանի մէջ առանձին մաքսատուրքեր պիտի կիրարկուին հիւսուածեղէնի կարգ մը արտադրութիւններու:
«Ուաշինկթըն Փոսթ» Յունուար 6ի իր թիւին մէջ անդրադարձած էր Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան հարցին:
«Անցեալ տարի, երբ Հայաստան նախկին խորհրդային այլ հանրապետութիւններու հետ խախտեց դէպի Եւրոպա ընթացքը եւ յայտարարեց Ռուսաստանի նախաձեռնած Մաքսային Միութեան միանալու մտադրութեան մասին, Արեւմուտքի եւ Արեւելքի հետ ամուր յարաբերութիւններ պահելու փափաքը այդքան դժուար չէր թուեր», կը գրէ յօդուածագիրը, աւելցնելով՝ «Ռուսաստանը կը մնայ պզտիկ Հայաստանը արտաքին աշխարհին կապող ամենէն կենսական օղակը»:
«…Հայաստանի մէջ շատ չեն քաղաքական ու հանրային գործիչները, նոյնիսկ Սերժ Սարգսեանը քննադատողներու շրջանակներուն մէջ, որոնք կը թերագնահատեն Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները», նկատել կու տայ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի մեկնաբանը աւելցնելով, որ անցեալ ամիս Հայաստանի խորհրդարանը ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ հաստատեց ԵՏՄ-ին միանալու պայմանագիրը: