Դեկտեմբեր 25-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի տարեկան ամփոփիչ մամուլի ասուլիսը:

Նախարարը տեսաշարով ներկակայացուց նախարարութեան կողմէ գործադրուած ծրագրերը: Ան նշեց, որ նախարարութեան նախաձեռնած ծրագրերը բոլորն ալ կատարուած են, իսկ առանձին պարագաներու գերազանցուած են նախանշուած ցուցանիշները: Ան ընդգծեց, որ նախարարութիւնը կը գործակցի 21 համահայկական կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու հետ եւ այս տարի Սեպտեմբեր 19-21 կատարուած Հայրենիք-Սփիւռք V-րդ համաժողովը համախմբեց ու աշխարհի 62 երկիրէ Հայրենիք բերաւ հայկական կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու 1100 ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ:
Նախարարը ըսաւ, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը իրականացուցած է 2014թ. երեք գերակայ խնդիրներէ բխող միջոցառումներն ու ծրագրերը:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեան կարեւոր նկատեց 2014թ. Յուլիս 7-էն Օգոստոս 2 Երեւանի մէջ կայացած «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրը, որը ընթացած է 6 ուղղութիւններով՝ Հայոց լեզուի արագացած ուսուցում, Սփիւռքի ուսուցիչներու վերապատրաստում, ազգային երգի ու պարի դասընթացներ, սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու ամառնային դպրոց, սփիւռքահայ լրագրողներու ամառնային դպրոց, Սփիւռքի համայնքային գործի կազմակերպիչներու դասընթացներ: Ծրագրին մասնակցած են 222 սփիւռքահայ՝ աշխարհի 22 երկիրէ։
Յուլիս-Հոկտեմբեր ամիսներուն տեղի ունեցած է «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը, որուն մասնակցած է՝ նախատեսուած 1000-ի փոխարէն, շուրջ 1500 սփիւռքահայ՝ աշխարհի 16 երկիրէ: «Իմ Հայաստան» փառատօնը իր մէջ ներառած է. «Պարարուեստի օրեր» (Յուլիս 1-10ը, 37 պարախումբ՝ աշխարհի 12 երկիրէ), «Խմբերգային արուեստի օրեր» (Օգոստոս 1-5ը, աշխարհի 9 երկիրէ ժամանած 15 եւ Հայաստանեան 4 երգչախումբ), «Ասմունքի երեկոյ» (Օգոստոս 16-ին, 20 ասմունքող՝ աշխարհի 5 երկիրէ), «Դուդուկի փառատօն» (Սեպտեմբեր 20-24, 14 դուդուկահարներ՝ աշխարհի 5 երկիրէ եւ Արցախէն), «Հայ երգի օր» (Սեպտեմբեր 25-ին, 30 երգիչներ եւ երաժիշտներ Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն) փառատօնները:
2014թ. Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրը ընթացած է 8 փուլով, նախատեսուած 1000-ի փոխարէն մասնակցած է 1071 երիտասարդ՝ աշխարհի 31 երկիրէ, առաջին անգամ Տիարպեքիրէն ժամանած 48 իսլամացած հայերէ բաղկացած խումբ մըն ալ, անոնցմէ զատ՝ ծրագրի ճամբարային փուլին մասնակցած են նաեւ Արցախէն 80, Սիսիանէն՝ 20 եւ հայաստանեան հիւրընկալ ընտանիքներէ՝ 200 երիտասարդներ:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեան հանգամանալից անդրադարձաւ «Սփիւռքահայերի ինտեգրման գործընթացի կազմակերպում» ծրագրին, նշեց, որ լուծուած են Հայաստանի մէջ հաստատուած, սուրիահայերու, իրաքահայերու, Ուքրանիայէն եւ այլ երկիրներէ եկած սփիւռքահայերու բազմաթիւ իրաւական, սոցիալական, առողջապահական, կրթական խնդիրներ, կազմակերպուած են մշակութային միջոցառումներ: Փոփոխութիւններ կատարուած են շարք մը իրաւական ակտերու, որոնք կը վերաբերէին ՀՀ մուտքի արտօնագրի ստացման, կացութեան կարգավիճակ ձեռքբերման, պետական տուրքերու վճարման եւայլն: 2014թ. Յունուար-Հոկտեմբեր ամիսներուն ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած է 3300 սուրիահայ:
Տարուայ ընթացքին իրականացած է «Մեր Մեծերը» ծրագիրը: Կազմակերպուած են բազմաթիւ միջոցառումներ նուիրուած 2014թ. հանրահռչակուած «Մեր Մեծեր»-ուն (Կոմիտաս, Յովհաննէս Թումանեան, Սիամանթօ, Արշիլ Կորքի, Գալուստ Կիւլպենկեան):
Կազմակերպուած է 9 համաժողով:
Իրագործուած են երեք տարածաշրջանային՝ «Մերձաւոր Սփիւռքի կրթամշակութային աջակցութեան», «ԱՊՀ տարածաշրջանային հայկական համայնքներու կրթամշակութային խնդիրներու լուծման օժանդակութեան», «Աւստրալիայի հայ համայնքներու կրթամշակութային խնդիրներու լուծման աջակցութեան» ծրագրերը:
2014թ սփիւռքի հիմնախնդիրներու վերաբերեալ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուերով ՀՀ ԳԱԱ ինստիտուտները, ԵՊՀ-ն եւ այլ գիտական կեդրոններ իրականացուցած են հետազօտութիւններ, հրատարակուած է 12 գիրք:
2500 տպաքանակով հրատարակուած է 2013թ. «Սփիւռք» տարեգիրքը, երկու նոր տարբերակով՝ արեւելահայերէն-ռուսերէն եւ արեւմտահայերէն-անգլերէն:
Իրականացած են շուրջ 4 տասնեակ մշակութային միջոցառումներ:
Գործած են նախարարութեան 6 կայքերը, 2014թ. մեկնարկած եւ հեռարձակուած է հայոց լեզուի հեռուստադպրոցի 34 հեռուստադաս, տարբեր հեռուստաալիքներով հեռարձակուած է նախարարութեան աւելի քան 150 հաղորդում եւ կազմակերպուած է 160-է աւելի տաղաւարային հաղորդում, նախարարութեան պատուերով նկարահանուած է 10 ֆիլմ, նոյնքան սոցիալական գովազդ: Սփիւռքի 20 երկիրներու հայ համայնքներուն հետ կազմակերպուած է աւելի քան 20 հեռակոնֆերանս:
2014թ. Սփիւռք առաքուած է 40.000 կտոր դասագիրք եւ ուսումնաօժանդակ նիւթեր: Տարուան ընթացքին սփիւռքեան կառոյցներու, հայաստանեան կազմակերպութիւններու ու անհատներու տրամադրուած է 12.000 կտոր նախարարութեան պատուերով հրատարակուած գիրքեր, ձայնասկաւառակ, խտասալիկ, ՀՀ պետական խորհրդանշաններու փաթեթներ եւայլն:
Ասուլիսի աւարտին ՀՀ սփիւռքի նախարարը պատասխանեց լրագրողներու հարցերուն: