Յունուար 2էն 3ի գիշերը՝ ժամը 03.15ի շուրջ, Պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) հարաւային եւ արեւելեան ուղղութիւններով հակառակորդը ձեռնարկած է հետախուզական երկու գործողութիւններու: ՊԲ-ի յառաջապահ ստորաբաժանումներու կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններու շնորհիւ՝ հակառակորդը կորուստներ կրելէ յետոյ ետ շպրտուած է իր դիրքերը:
Սակայն դժբախտաբար, նախայարձակին դիմակայելու ընթացքին զոհուած են ՊԲ-ի զինուորներ Կարէն Գրիգորեան եւ Վարդան Մկրտչեան: Նաեւ վիրաւորուած է զինուոր Վոլոդիա Յարութիւնեան:
ԼՂՀ-ի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, թէ միջադէպի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի հետաքննութիւն:
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան նահատակ զինուորները պարգեւատրած է յետ մահու մետալներով: Շարքային զինուոր Վարդան Մկրտչեանը պարգեւատրած է «Արիութեան համար» մետալով, իսկ նոյն զօրամասի սպայ, գնդապետ Կարէն Գրիգորեանը՝ «Մարտական ծառայութեան» մետալով։

900 խախտում՝ 11.000 կրակոցով

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի տուեալներուն համաձայն՝ տօնական օրերուն ընթացքին ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու շփման գիծին մէջ հակառակորդը զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է շուրջ 900 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 11.000 կրակոց:
Ականազերծման գործողութիւններու եւ հակառակորդին դիմադրելու ընթացքին հայկական կողմը կորուստներ չէ տուած։
Հայկական զօրամասերը հաստատ կերպով կը տիրապետեն առաջին գիծի իրադրութեան եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը դիմեն պատասխան գործողութիւններու։
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, յարձակման վերջին դէպքերուն կապակցութեամբ, հետեւեալ յայտարարութիւնը տարածած է: «Խստօրէն դատապարտում ենք Յունուարի 2-ի լոյս 3-ի գիշերը ադրբեջանական զինուած ուժերի կողմից Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հետ շփման գծում իրականացրած դիվերսիոն գործողութիւնները, որոնց հետեւանքով կան մարդկային կորուստներ։ Մեր խորին ցաւակցութիւնն ենք յայտնում զոհուածների ընտանիքներին եւ մերձաւորներին։
Այս հերթական սադրանքով Պաքուն շարունակում է իրագործել ուժի կիրառման վերաբերեալ Ադրբեջանի ղեկավարութեան անդադար սպառնալիքները, որոնք հնչեցւում են այդ երկրի ղեկավարութեան անգամ ամանորեայ ելոյթներում։
Սա կոպիտ արհամարհանք է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահ երկրների՝ յատկապէս կրօնական տօների նախաշեմին եւ ընթացքում, սադրիչ գործողութիւններից եւ իրավիճակի սրումից զերծ մնալու կոչերի նկատմամբ։
Վաղուց ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը սթափեցնի իր յորդորներին հակառակ գնացող ադրբեջանական ղեկավարութեանը»: