«Նիուզ».- Մինչեւ 2016ի տարեվերջ Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը պիտի լուծէ 1988ի երկրաշարժէն տուժած գօտիին մէջ բնակարաններու հարցը: 23 Դեկտեմբերին այս մասին յայտնած է Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան:

Ընդհանուր առմամբ, բնակարաններու կը սպասեն 5335էն 854 ընտանիք, որոնցմէ 430ը՝ Գիւմրիի մէջ:
Նոյեմբեր 2014ին բնակարաններու գնման վկայագիր ստացած են անոնց շուրջ կէսը (215), միւսները պիտի ստանան 2015 թուականին:
Մնացեալ շուրջ 420 ընտանիքները Շիրակի եւ Լոռիի մարզերու գիւղերուն մէջ կը գտնուին ներկայիս եւ անոնք բնակարան պիտի ստանան մինչեւ 2016ի աւարտը: