Աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ Ռու­սիա գտնո­ւող Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան 23 Դեկ­տեմ­բե­րին Մոս­կո­ւա­յի մէջ մաս­նակ­ցած է Հա­ւա­քա­կան Անվ­տան­գու­թեան Պայ­մա­նա­գի­րի Կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի նստաշրջա­նին:

Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կա­յա­ցած են նախ սեղմ կազ­մով՝ Ռու­սիոյ, Պե­լո­ռու­սի, Ղա­զախս­տա­նի, Հա­յաս­տա­նի, Խըրխզիս­տա­նի, Տա­ճի­կիս­տա­նի նա­խա­գահ­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րին մաս­նակ­ցու­թեամբ: Այ­նու­հե­տեւ ՀԱՊԿ ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կած են պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­յա­ցած ընդ­լայ­նո­ւած կազ­մով նիս­տին:

Նիս­տի ըն­թաց­քին ե­լոյթ ու­նե­ցած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, որ նախ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է Ռու­սիոյ նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր Փու­թի­նին՝ հրա­ւէ­րին եւ ա­ւան­դա­կան ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար:

Սերժ Սարգ­սեան նշած է, որ նստաշր­ջան­նե­րուն մի­ջեւ ե­ղած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ՀԱՊԿի ծի­րին մէջ կա­րե­ւոր աշ­խա­տանք կա­տա­րո­ւած է քա­ղա­քա­կան փոխ­-գոր­ծակ­ցու­թեան հե­տա­գայ զար­գաց­ման եւ կա­տա­րե­լա­գործ­ման ա­պա­հով­ման, ռազ­մա­կան եւ ռազ­մա­ճար­տա­րա­գի­տա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման, ար­դի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու ու սպառ­նա­լիք­նե­րու դի­մագ­րաւ­ման ուղ­ղու­թեամբ:

Իր ե­լոյ­թին մէջ Սերժ Սարգ­սեան պաշ­տօ­նա­կից­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցած է Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի տա­րա­ծաշր­ջա­նի ի­րա­վի­ճա­կին, մաս­նա­ւո­րա­պէս, այս տա­րո­ւան ըն­թաց­քին հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան պե­տա­կան սահ­մա­նին եւ շփման գի­ծին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած մի­ջա­դէ­պե­րուն մա­սին՝ ընդգ­ծե­լով, որ Հա­յաս­տան միան­գա­մայն ա­նըն­դու­նե­լի կը նկա­տէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան վե­րա­բե­րող լա­րո­ւա­ծու­թեան սաստ­կա­ցու­մը եւ մեր տա­րա­ծաշր­ջա­նի ռազ­մա­կա­նա­ցու­մը:

«­Մեր կող­մից այ­սօր ըն­դունուած փաս­տաթղ­թերն ուղ­ղո­ւած են ծա­գող մար­տահ­րա­ւէր­նե­րին եւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող հիմ­նախն­դիր­նե­րին հա­ւա­քա­կան եւ կօօր­դի­նա­ցո­ւած ար­ձա­գան­գե­լուն: Վս­տահ եմ, որ դրանք կը ծա­ռա­յեն ՀԱՊԿ զար­գաց­ման շա­հե­րին՝ ի նպաստ մեր երկր­նե­րի եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րի բա­րօ­րու­թեան՝ հա­ւա­քա­կան հի­մունք­նե­րով ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւած անվ­տան­գու­թեան ու խա­ղա­ղու­թեան պայ­ման­նե­րում:

«Ել­նում ենք նրա­նից, որ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կօօր­դի­նաց­ման մե­խա­նիզ­մի հե­տա­գայ ամ­րապնդ­ման հար­ցե­րով՝ ո­րո­շում­նե­րի ըն­դու­նու­մը կը նպաս­տի նաեւ մեր կազ­մա­կեր­պու­թեան հե­ղի­նա­կու­թեան բարձ­րաց­մա­նը:

«Կար­ծում եմ, որ ՀԱՊԿ ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րի ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան յա­ջոր­դա­կան զար­գաց­ման գոր­ծում միան­գա­մայն տե­ղին քայլ կը լի­նի Հա­ւա­քա­կան ա­ւիա­ցիոն ու­ժե­րի ստեղ­ծու­մը: Նաեւ կը ցան­կա­նա­յի նշել, մեր պե­տու­թիւն­նե­րի ռազ­մա­տեխ­նի­կա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան բարձ­րաց­ման նպա­տա­կով. ձեռ­նար­կո­ւող մի­ջոց­նե­րի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը:

«Վս­տահ եմ, որ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան անվ­տան­գու­թեան գծով փաս­տաթղ­թե­րի փա­թե­թը կը ծա­ռա­յի այս ո­լոր­տում մեր պե­տու­թիւն­նե­րի հա­մա­պա­տաս­խան կա­ռոյց­նե­րի փոխ-­գոր­ծակ­ցու­թեան էա­կան բարձ­րաց­մա­նը:

«2015թ. Յու­նո­ւա­րի 1ից կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գա­հու­թիւնն անց­նում է Տա­ջիկս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեա­նը: Այս կա­պակ­ցու­թեամբ, ցան­կա­նում եմ շնոր­հա­ւո­րել Տա­ջիկս­տա­նի նա­խա­գահ Է­մո­մա­լի Շա­րի­պո­վի Ռահ­մո­նին՝ ՀԱՊ­Կում նա­խա­գա­հու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ եւ մաղ­թել յա­ջո­ղու­թիւն­ներ», ը­սած է նա­խա­գահ Սարգ­սեան: