ԳՈՅԺ

Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոն խոր վշտով կը տեղեկացնէ, որ տեւական հիւանդութենէ ետք, Դեկտեմբեր 28-ին, վախճանեցաւ մեր ժամանակներու ամենավառ անհատականութիւններէն մէկը՝ ազգային-պետական ականաւոր գործիչ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Գերմանիայի Դաշնային Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան 

ընկեր ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԸ 

Հ.Յ.Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքի անունով մեր վշտակցութիւնը կը բերենք Վահան Յովհաննիսեանի հարազատներուն ու մտերիմներուն, մեր ժողովուրդին, մեր բոլոր ընկերներուն: 
Հ.Յ.Դ. Բիւրօ 

Կեանքէն վաղաժամ հեռացաւ ընկ. Վահան Յովհաննիսեանը

Վահան Էդուարդի Յովհաննիսեանը ծնած է 1956 թուականին, Երեւան:
1973 թուականին Երեւանի թիւ 55 դպրոցը աւարտելէ ետք, կիսատ ձգելով ուսումը Պրիւսովի համալսարանին մէջ, Վահան Յովհաննիսեան կը մեկնի Մոսկուա եւ 1978 թուականին այնտեղ կ՛աւարտէ Մոսկուայի պետական մանկավարժական համալսարանը: Ապա աշխատանքի կը լծուի Հարաւային Սիպիրի մէջ:
Վահան Յովհաննիսեան գերադասեց վերադառնալ հայրենիք եւ աշխատիլ գիւղի մէջ՝ որպէս ուսուցիչ: 1980 թուականին զինուորական ծառայութիւնը աւարտելէ եւ Երեւան վերադառնալէ ետք վերջապէս կարելի եղաւ սկսիլ աշխատանքի իր սիրած մասնագիտութեամբ: Բայց այն օրերուն համալսարանական ղեկավարները Վահանին ետ վանեցին Հայաստանի միջնադարեան պատմութենէն:
«Էրեբունի» թանգարանին մէջ Վահան Յովհաննիսեան կ՛աշխատէր 1980 թուականէն, սկիզբը` իբրեւ գիտաշխատող, յետոյ` գիտահետազօտական բաժնի վարիչ, իսկ 1989 թուականէն տեղափոխուեցաւ Գիտութիւններու ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկ:
Տարբեր հնագիտական արշավախումբերու կազմին մէջ Վահան Յովհաննիսեան պեղումներու մասնակցած է Հայաստանի ամբողջ տարածքով. այդ պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած են պրոնզի եւ վաղ երկաթի դարու շատ արժէքաւոր նիւթեր:1989 թուականէն Վահան Յովհաննիսեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ է:
Հայրենիքին մէջ կուսակցութեան պաշտօնական վերահաստատումէն ետք 1990 թուականին ընտրուած է Դաշնակցութեան առաջին Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ եւ գործուղուած է Արցախ, ուր մասնակցած է ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման եւ իրականացման: 1992 թուականին Վահան Յովհաննիսեան ընտրուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ պարտականութիւններու մօտաւորապէս նոյն շրջանակով:
Սակայն, քաղաքական մթնոլորտը Հայաստանի մէջ կը շիկանար ՀՀՇ-ական իշխանութիւններու ամէն մէկ ապաշնորհ սայթաքումի հետեւանքով, եւ Ղարաբաղեան հարցէն զատ Դաշնակցութեան առջեւ կը կանգնէին նորանոր խնդիրներ: Գտնուելով կալանքի տակ՝ Վահան Յովհաննիսեան 1997 թուականին հեռակայ կերպով ընտրուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամ:
Դատաքննութեան ընթացքին ան կը շարունակէր քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել: Անոր ելոյթները դատարանին մէջ քաղաքական մեծ արժէք ունէին այդ օրերուն երկրին մէջ տիրող ներքաղաքական իրավիճակին համար:
1999 թուականէն մինչեւ այսօր կը հանդիսանայ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:
1999 թուականին ընտրուած է ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր 17-րդ մեծամասնական ընտրատարածքէն եւ դարձած Պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ:
Ղեկավարած է Հայաստանի ԱԺ առաջին պատուիրակութիւնը ՆԱԹՕ-ի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ:
2003-ին եւ 2007-ին դարձեալ ընտրուած է խորհրդարանի պատգամաւոր եւ երկու անգամ ալ դարձած է Ազգային Ժողովի փոխնախագահ: Այդ պաշտօնը զբաղեցուցած է մինչեւ 2008 թուականը:
Այդ ժամանակահատուածին ղեկավարած է Հայաստանի Աժ պատուիրակութիւնը ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովին, հանդիսացած է Հայաստան-Ռուսաստան եւ Հայաստան-Պելառուսիա միջխորհրդարանական յանձնաժողովներու համանախագահ:
2008 թուականին մասնակցած է նախագահական ընտրութիւններուն՝ որպէս ՀՅԴ թեկնածու:
2012 թուականի Մայիս 6-ին Ազգային ժողովի պատգամաւոր ընտրուած է համամասնական ընտրակարգով ՀՅԴ կուսակցութենէն: Ղեկավարած է Հայաստանի առաջին պատուիրակութիւնը Եւրանեսթ խորհրդարանական վեհաժողովին՝ հանդիսանալով Եւրանեսթի Բիւրոյի անդամ:
2013 թուականին Դեկտեմբեր 28-ին ՀՀ Նախագահի հրամանագիրով նշանակուած է Գերմանիոյ Դաշնային հանրապետութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան:
Վահան Յովհաննիսեան կեանքէն հեռացաւ 20 տարի ետք ճիշտ այն օրը, երբ հայրենիքի մէջ կասեցուեցաւ Դաշնակցութիւնը:

Արտաքին գործոց նախարարութեան ցաւակցագիրը

Արտաքին գործերի նախարարութիւնը խորը վշտով յայտնում է, որ Դեկտեմբերի 28-ին կեանքից վաղաժամ հեռացաւ անուանի հասարակական-քաղաքական գործիչ, Գերմանիայի Դաշնային Հանրապետութիւնում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահան Յովհաննիսեանը։
Մեզնից հեռացաւ ականաւոր հասարակական-քաղաքական գործիչ, ով իր ողջ կեանքը նուիրել էր Հայրենիքի ծառայութեանը։ Վահան Յովհաննիսեանի՝ բարձր արժանապատւութեամբ եւ մեծ հայրենասիրութեամբ օժտուած հայի վառ յիշատակը յաւերժ կը մնայ նրան ճանաչողների սրտերում։ 


Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ցաւակցագիրը

Հ. Յ. Դաշնակցութեան Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն եւ Դաշնակցական ընտանիքը խոր ցաւով կը գուժեն կուսակցական ականաւոր գործիչ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, ազգային հասարակական-քաղաքական կեանքի երեւելի անձնաւորութիւն՝

ընկեր ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆի 

վաղաժամ մահը:  
Խորազգաց ցաւակցութիւններ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին, հանգուցեալի ընտանիքին եւ մեր բոլոր ընկերներուն: