ՀՀ քննչա­կան կո­մի­տէի զի­նո­ւո­րա­կան քննչա­կան գլխա­ւոր վար­չու­թեան ա­ռա­ջին կա­յա­զօ­րա­յին քննչա­կան բա­ժի­նին մէջ յա­րու­ցո­ւած է քրէա­կան գործ` հեր­թա­փո­խի դի­տա­կէ­տին ժամ­կէ­տա­յին զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յող Դա­ւիթ Քո­լո­յեա­նի մա­հո­ւան դէպ­քին ա­ռի­թով: Դեկ­տեմ­բեր 21-ին հա­ղոր­դո­ւած էր, որ նոյն օ­րը` ժա­մը 10:15-ի սահ­ման­նե­րուն, N զօ­րա­մա­սի մար­տա­կան դիր­քե­րէն մէ­կուն մէջ «ար­թուն» հեր­թա­փո­խի դի­տոր­դի պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը կա­տա­րող ժամ­կէ­տա­յին զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յող, շար­քա­յին Դա­ւիթ Հ­րա­չեա­յի Քո­լո­յեա­նը «ար­թուն» հեր­թա­փո­խի դի­տա­կէ­տին մէջ ի­րեն ամ­րակ­ցո­ւած նռնա­կի պայ­թիւ­նին հե­տե­ւան­քով ստա­ցած մարմ­նա­կան վնա­սո­ւածք­նե­րէն մա­հա­ցած է: Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նեն ՀՀ Քնն­չա­կան կո­մի­տէի տե­ղե­կատ­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու բա­ժի­նէն:

ՀՀ քրէա­կան դա­տա­վա­րու­թեան օ­րէնսգր­քի 180-րդ յօ­դո­ւա­ծին կար­գով, յան­ցա­գոր­ծու­թեան հետ­քեր, այլ նիւ­թա­կան փաս­տեր յայտ­նա­բե­րե­լու, ինչ­պէս նաեւ դէպ­քի հա­մար նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող միւս հան­գա­մանք­նե­րը պար­զե­լու նպա­տա­կով կա­տա­րո­ւած են դէպ­քի վայ­րի, Դա­ւիթ Քո­լո­յեա­նի դիա­կի ար­տա­քին, դէպ­քի պա­հուն ա­նոր հա­գին ե­ղած զրա­հա­բաճ­կո­նի զննում­ներ:

Ա­նոնց իբ­րեւ ար­դիւնք, ինչ­պէս նաեւ դիր­քի զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յող­նե­րու բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը բա­ւա­րար հիմ­քեր տո­ւած են են­թադ­րե­լու, որ նռնա­կը պայ­թած է Դա­ւիթ Քո­լո­յեա­նի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք:

Ն­շո­ւած փաս­տով նա­խա­պատ­րաս­տո­ւած նիւ­թե­րով 2014թ. Դեկ­տեմ­բեր 22-ին ՀՀ քրէա­կան օ­րէնսգր­քի 110-րդ յօ­դո­ւա­ծի 1-ին մա­սով նա­խա­տե­սո­ւած յան­ցա­գոր­ծու­թեան յատ­կա­նիշ­նե­րով յա­րու­ցո­ւած է քրէա­կան գործ: Քն­նու­թիւն կը կա­տա­րո­ւի` հնա­րա­ւոր բո­լոր վար­կած­նե­րով: Կը կա­տա­րո­ւի նա­խաքն­նու­թիւն, մի­ջոց­ներ կը ձեռ­նար­կո­ւին ա­պա­հո­վե­լու գոր­ծի իս­կա­կան, բազ­մա­կող­մա­նի եւ լրիւ հե­տա­զօտ­ման հա­մար: Ն­շա­նա­կո­ւած է դա­տաբժշ­կա­կան փոր­ձաքն­նու­թիւն: