Դեկտեմբերի 22-ին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը եւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը մասնակցեցան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան արտաքին գործոց  եւ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի եւ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէի համատեղ նիստին։
Նախարարները անդրադարձան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի 2013  Դեկտեմբերին կայացած որոշումներու ընթացքին:
Հաւանութիւն տրուեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի օրակարգէն ներս ներառուած փաստաթուղթերու նախագիծերուն։
Քննարկուեցան ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու արտաքին քաղաքական համադրման հարցերը, անդրադարձ կատարուեցաւ ռազմական եւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան զարգացման, ահաբեկչութեան եւ թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարին, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրներու։
ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Նիկոլայ Բորդիւժա զեկուցեց կազմակերպութեան ընթացիկ գործունէութեան արդիւնքներու մասին։