Դեկտեմբեր 22-ին Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Պէյրտ ընդունեց Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեանը:
Հանդիպման ծիրէն ներս անդրադարձ կատարուեցաւ տարուան ընթացքին երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած աշխատանքներուն: Շեշտուեցաւ փոխայցելութիւններու կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով Գանատայի աշխատանքի եւ ընկերային զարգացման ու բազմամշակութայնութեան նախարար Ճէյսըն Քէննիի, ապա գանատական խորհրդարանական պատուիրակութիւններու՝ Հայաստան այցերը, ինչպէս նաեւ ՀՀ խորհրդարանական եւ պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութիւններու՝ Գանատա այցելութիւնները:
Երկու կողմերը բարձր գնահատեցին համագործակցութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններու, մասնաւորապէս Ֆրանքոֆոնիոյ միջազգային կազմակերպութեան ծիրէն ներս:
Քննարկուեցան 2015թ. հայ-գանատական գործակցութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:
Դեսպան Եգանեանի Հանդիպումը Գանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ