Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի փոխ նախագահ, Եւրանեսթ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ռիշարտ Չառնեցքին: Ռիշարտ Չառնեցքի նշած է, որ իր երկիրը (Լեհաստան) շատ լաւ կը պատկերացնէ եւ յատուկ ըմբռնում ունի այն աշխարհաքաղաքական իրավիճակին վերաբերեալ, որուն մէջ կը գտնուի Հայաստանը:
"Զրուցակիցները երկուստեք կարեւոր նկատած են Եւրոպական Միութեան հետ միջխորհրդարանական գործակցութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի Հանրապետութիւն- Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական գործակցութեան խորհուրդի, ինչպէս նաեւ Արեւելեան գործընկերութեան խորհրդարանական ձեւաչափի` Եւրանեսթ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի ծիրին մէջ: Սերժ Սարգսեան եւ Ռիշարտ Չառնեցքի քննարկած են այդ գործակցութիւնը արդիւնաւէտօրէն զարգացնելու կարելիութիւններըե, յայտնած է պաշտօնական աղբիւրը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Չառնեցքիի ներկայացուցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթը, խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու եւ Հայաստանի ջանքերն ու առկայ խնդիրները:
Նոյնպէս կայացած է արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդպանի հանդիպումը Ռիշարտ Չառնեցքիի հետ։