images/stories/markarian-hrant4-27-10-2011.jpgՎերջին քսան տարիներու ընթացքին Հայաստանէն ներս Դաշնակցութեան ներքին կեանքի    մասին բազմաթիւ  խօսակցութիւններ եղած են: Հակադրութիւններ ներսի ու դուրսի դաշնակցութեան միջեւ, հակադրութիւններ այս կամ այն շրջանի միջեւ,  այլն:


«Այդ թեման էլ կը վերջանայ եւ  կը սկսի մէկ ուրիշը, բայց Դաշնակցութիւնը կենդանի կառոյց  է եւ  այդ խօսակցութիւնները ոչ մի նշանակութիւն ունին»,  հեռատեսիլի Հանրային Հ-1 կայանէն ելոյթ ունենալով յայտարարած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:
Յառաջիկայ  խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու ձեւաչափի մասին հարցումին ի պատասխան՝ ան դիտել տուած է թե դեռ եւս յստակ  որոշում չէ կայացած՝ եթէ Դաշնակցութիւնը առանձին կը մասնակցի ընտրութիւններուն թէ՞ դաշինքով: «Մենք առանձին գնալու ինքնավստահութիւնն ունենք: Բայց միաժամանակ չունենք մերժողական տրամադրութիւն միւսների նկատմամբ: Այսօրուայ իրողութեան մէջ իբրեւ ինքնուրոյն կազմակերպութիւն գնում ենք ընտրապայքարի», ըսած է Հրանդ Մարգարեանը:
Իսկ եթէ Դաշնակցութեան առաջարկեն դաշինք կազմել պիտի համաձայնեցուի՞, թէ պիտի ըսուի՝ «դուք եկէք, միացէք» հարցումին պատասխանելով՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը դիտել տուած է «Էդ տեսակ երեխայական մակարդակի չենք իջնի՝ մեզ միացէք, մենք միանանք  եւայլն: Ինչի՞ համար պէտք է դաշինք կազմել, ինչը յաջողացնելու համար: Սա է մեզ համար ամենից կարեւորը»: Այնուհետեւ ան նկատած է որ որեւէ  մտավախութիւն չկայ եւ ՀՅԴ վստահ է, որ կը յաղթահարէ ընտրական նուազագոյն շեմը:
Ըստ «Փանորամա»ի հաղորդած տե-ղեկութեան, Հրանդ Մարգարեանի համար տարօրինակ էր  լրագրողի այն դիտարկումը, թէ նախագահական ընտրութիւններուն մէջ, ըստ հրապարակուած լուրերուն, Դաշնակցութեան թեկնածուն ՀՀ նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանը կÿըլլայ: «Վարդան Օսկանեանը մեր կադրը չէ: Նրան մենք յարգում ենք եւ եթէ ցանկութիւն յայտնի, մենք կը մտածենք: Բայց գիտէք, ես այդ մասին նոր իմացայ», ըսած է ան: