Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Նշելով, որ պետական այցելութեան ծիրին մէջ Ռուսիոյ վարչապետին հետ հանդիպումը լաւ կարելիութիւն կու տայ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու հեռանկարներու քննարկման

համար, նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ յայտնեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները կը   գտնուին շատ լաւ մակարդակի վրայ: Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ կառավարութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը եւ ձեւաւորուած մթնոլորտը թոյլ կու տան քննարկելու որեւէ հարց:
«Մենք կը նկատենք, որ մեր տնտեսական յարաբերութիւնները վատ չեն զարգանար: Ինչպէս դուք արդէն նշեցիք‘ անցեալ տարի մենք հասանք մինչեւ 1 միլիառ տոլարի ապրանքաշրջանառութեան ծաւալներուն», յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Ըստ Սարգսեանի, ատիկա Հայաստանի համար լուրջ թիւ է:
Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ օտարերկրեայ  ներդրումներուն 54 առ հարիւրը ռուսական ներդրումներ են, կան ռուսական կամ միացեալ մօտաւորապէս 1500 ընկերութիւններ, այսինքն‘ այդ իմաստով աճ կայ:
Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ մարդասիրական մարզին մէջ հայ-ռուսական համագործակցութեան, որ լաւ զարգացումի մէջ կը գտնուի:
Ըստ նախագահին, Հայաստան կը ցանկայ քննարկել նոր ծրագիրներու կարելիութիւններ, որոնք աւելի պիտի ամրապնդեն երկու երկիրներու յարաբերութիւնները:
Ողջունելով նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ նշելով, որ շատ հաճելի է զայն տեսնել Ռուսիա կատարած այցելութեան ծիրին մէջ, Ռուսիոյ վարչապետը անդրադարձաւ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական, ներառեալ‘ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն: Փութին եւս բարձր գնահատեց շարք մը ուղղութիւններով յաջողութեամբ զարգացող հայ-ռուսական յարաբերութիւնները: Ան աւելցուց, որ վերջերս կարելիութիւն ունեցած է Հայաստանի վարչապետին հետ զրուցելու երկկողմանի յարաբերութիւնները աւելի աշխուժ ձեւով զարգացնելու լրացուցիչ աշխատանքներուն մասին:
Ռուսիոյ վարչապետը ընդգծեց, որ ընդհանուր առմամբ ամէն ինչ կ՛ընթանայ աշխատանքային դրութեամբ: