Հանրային իրաւունքի եւրոպական կազմակերպութեան (EPLO) գրասենեակի բացումը Հայաստանի մէջ հնարաւորութիւն պիտի տայ արդէն իսկ կայացած հայ իրաւագէտներուն սկսիլ համագործակցութիւնը եւրոպական գործընկերներուն հետ:
Այդ մասին երէկ` ըստ NEWS.am-ի` Դեկտեմբեր 17-ին ըսած է Հանրային իրաւունքի եւրոպական կազմակերպութեան հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Գրիգոր Մինասեանը Հանրային իրաւունքի եւրոպական կազմակերպութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Սփիրիտոն Ֆլոկայթիսի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ:
Գրիգոր Մինասեանի խօսքով` Հայաստանը իր անկախութեան առաջին տարիներէն մեծ ջանքեր ներդրած է եւրոպական իրաւահամակարգ ընդելուզուելու համար, եւ այսօր այդ ընդելուզման գործընթացները յանգեցուցած են անոր, որ հայ իրաւագէտները դարձած են եւրոպական իրաւական հանրոյթի լիիրաւ անդամներ:
“Հանրային իրաւունքի եւրոպական կազմակերպութիւնը միջազգային մասնագիտացած լրջագոյն կազմակերպութիւն է, որի անդամ են մի շարք պետութիւններ, համաշխարհային ճանաչում ունեցող մի քանի տասնեակ համալսարաններ եւ մի շարք այլ ակադեմիական հաստատութիւններ: Պրոֆէսոր Ֆլոկայթիսի եւ ՀԻԵԿ-ի երկարատեւ աշխատանքի արդիւնքում կարող ենք փաստել, որ այսօր Հայաստանում բացւում է տարածաշրջանի միակ եւ առաջին մասնաճիւղը”,-ըսած է Գրիգոր Մինասեանը: Ան նաեւ ընդգծած է, որ հայաստանեան մասնաճիւղի բացումը երիտասարդ իրաւաբաններուն, Հայաստանի համալ- սարաններու իրաւաբանական ֆակուլտետներու ուսանողներուն, ասպիրանտներուն հնարաւորութիւն կու տայ վերապատրաստուելու առաջատար համալսարաններու մէջ, մասնակցիլ եւրոպական եւ ոչ միայն եւրոպական առաջատար համաժողովներու, նաեւ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ մեր երիտասարդ գիտնականներուն իրենց գիտական յօդուածները տպագրելու բարձրագոյն որակաւորում ունեցող միջազգային հանդէսներու մէջ: Մինչ այսօր ՀԻԵԿ-ը զարգացուցած, կազմակերպած եւ աջակցած է շուրջ 200 կրթական, հետազօտական, վերապատրաստման, հիմնարկներու ստեղծման եւ այլ ծրագիրներու, աւելի քան 70 երկիրներու մէջ: