Նախորդ տարի Վիլնիուսի մէջ կայացած գագաթնաժողովէն եւ Հայաստանի ու Եւրոմիութեան միջեւ յուշագրի հրապարակումէն ետք, 2014ին կողմերը շարունակեցին բանակցութիւնները, հասկնալու, թէ որ մարզերուն մէջ եւ ինչ ձեւաչափով կարելի է շարունակել համագործակցութիւնը:
Հայաստանի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Թրայան Հրիսթէայի գնահատումով՝ տարին բուռն էր, քննարկումներ իրականացան, երկխօսութիւններ, որոնց նպատակն էր նոր համաձայնագիր ստորագրել, ուր պիտի մատնանշուին նախկին ձեռքբերումները եւ ապագայի տեսլականը:
«Վերանուայուած է Հայաստանի հետ գործողութիւններու ծրագիրը եւ ներկայացուած է նոր ծրագիր: Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է Հայաստանի հետ իրաւական նոր փաստաթուղթերու ուղղութեամբ աշխատիլ, յարգելով Հայաստանի նոր յանձնառութիւնները» ըսած է Թրային Հրիսթէա, լրագրողներու հետ երէկ կայացած հանդիպման ընթացքին: Ան աւելցուցած է թէ այս անգամ Եւրոպական Միութիւնը իր արեւելեան գործընկերներուն հետ պիտի աշխատի անհատական սկզբունքով:
«Հայ գործընկերներուն հետ քննարկեցինք համագործակցութեան տարբեր բնագաւառներ: Ուսումնասիրութիւններու երկրորդ փուլը պիտի կայանայ Դեկտեմբեր վերջ, ապա, անկէ ետք, համագործակցութեան յաջորդ յենակէտը Յունուարին Պրիւքսելի մէջ պիտի իրականանայ, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան խորհուրդի յաջորդ նիստին» ըսած է ան:
Հայաստանը բազմիցս յայտարարած է, որ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդանակցութեան քաղաքականութիւնը չի կրնար ազդել Եւրոմիութեան հետ համագործակցութեան քայլերուն: Հայաստանը Եւրոմիութեան պիտի ներկայացնէ այն մարզերն ու ծրագրերը, որ չեն խոչընդոտեր համագործակցութիւնը, նոր զարգացումներու պարագային: