Ատրպէյճանական կողմը գիշերը աշխուժացուցած է կրակոցները հայկական դիրքապահներու եւ գիւղերու ուղղութեամբ: Հայկական կողմը ստիպուած եղած է պատասխան կրակով լռեցնել հակառակորդը:
Այս մասին՝ ըստ «Արմէնփրես»-ի յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան: «Կրակոցներն են շատ եղել, բոլոր ուղղութիւններով էլ կրակել են: Բարեբախտաբար, զոհեր, վիրաւորներ, կորուստներ չկան»,- ըսած է Արծրուն Յովհաննիսեան:
ՊՆ մամլոյ խօսնակը, սակայն, ատրպէյճանական կողմի աշխուժացման պատճառին մասին բացատրութիւն չունի:
Նախօրէին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան լրագրողներուն յայտնած էր, որ եթէ առաջ պաշտպանութեան բանակի ուղղութեամբ կրակոցներու 35-50 դէպքեր կ՛ըլլային եւ կ՛օգտագործէին մինչեւ 1000 փամփուշտ, ապա այսօր այդ կրակոցներուն թիւը կը հասնի 170,00-ի, իսկ փամփուշտներու թիւը՝ 3000-5000-ի: