ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան 22 Հոկտեմբերին Արտաշատի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին յայտնեց, որ այսօր իշխանութիւնը օտարացած է ժողովուրդէն եւ կ՛ապրի իր կեանքով, իսկ ժողովուրդը լքեալ վիճակի մէջ, բախտի քմահաճոյքին մատնուած է:


Ան նշեց, որ երկրին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն պէտք է մասնակից ըլլայ նաեւ ժողովուրդը եւ ան ամէն պահու պէտք է պետութեան զարկերակը զգայ: Ըստ Ա. Ռուստամեանի, իշխանափոխութեան հասնելու միակ ճիշդ ճամբան արդար ընտրութիւններն են:
Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը համոզում յայտնեց, որ եթէ Հայաստանի 2000 ընտրատեղամասերուն մէջ «Քուէն ուժ է» ընտրական շարժումը մէկ կամ երկու ներկայացուցիչ ունենայ, կարելի պիտի ըլլայ վերահսկել ամբողջ ընտրական հոլովոյթը, իսկ ընտրութիւնը կեղծուած ըլլալու պարագային պէտք է ունենալ փաստեր՝ իրաւական հիմքերով արդիւնքները բողոքարկելու համար:
«Եթէ նոյնիսկ ընտրութիւնները կեղծեն, բայց մենք ունենանք համապատասխան իրաւաբանական հիմքերով ամրապնդուած ապացոյցներ, կեղծիքներուն յաջորդով, յետընտրական հանգրուանը մենք պիտի վերածենք իսկապէս համաժողովրդական  ապստամբութեան եւ այդ ապստամբութիւնը հիմք պիտի ունենայ», իր ելոյթին մէջ նշեց Ա. Ռուստամեան:
Ան ընդգծեց, որ Դաշնակցութեան հիմնական պահանջը այսօր համակարգային իշխանափոխութիւնն է, իսկ իշխանութիւնը որեւէ համակարգային փոփոխութեան պիտի չդիմէ, քանի որ ատիկա կը նշանակէ «կտրել այն ծառը, որուն վրայ նստած ես»:
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան իր կարգին նշեց, որ իշխանութեան ձախողումը փաստելու համար միայն արտագաղթի հսկայական ծաւալներն ալ բաւարար են: Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ տիրող անարդարութեան եւ փտածութեան երեւոյթները պատճառ կը դառնան, որ հայը Հայաստան չվերադառնայ: «Հայաստանի մէջ կայ փտածութիւն, որովհետեւ Հայաստանի մէջ չկայ արդար մօտեցում մարդու աշխատանքին, որովհետեւ Հայաստանի մէջ կաշառակերութիւնը այն աստիճանի հասած է, որ նոյնիսկ այն մարդիկը, որոնք կ՛ուզեն ներդրում կատարել երկրին մէջ, գումար կը պահանջուի անոնցմէ», շեշտեց Ա. Մինասեան:
Ան դիտել տուաւ, որ այսօր միայն ընկերվարական գաղափարախօսութեան յարող քաղաքական ուժը կրնայ բոլոր մարզերուն մէջ իրավիճակը փոխել: Իսկ Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ իրավիճակը օրհասական է եւ անով կարելի է համոզուիլ ամէն օր: Իբրեւ ըսուածի ապացոյց դաշնակցական պատգամաւորը նշեց անձնասպանութիւններու եւ անձնասպանութեան փորձերու թիւի աճը, ինչպէս նաեւ աղանդաւորներու թիւի աճը, քանի որ մարդիկ, այլընտրանք չունենալով, չնչին գումարներու դիմաց կը համալրեն աղանդներուն շարքերը:
Դաշնակցութիւնը համոզուած է, որ կարելի է յաջողութեան հասնիլ միայն ժողովուրդին օգնութեամբ, իսկ անոր համար պէտք է աջակցիլ Դաշնակցութեան՝  ամբողջական իշխանափոխութեան վերաբերող պահանջին. միայն այն պարագային ժողովուրդը պիտի յաջողի դառնալ իր երկրին տէրը եւ ոչ թէ օտարանալ իշխանութենէն, ինչպէս հիմա: