Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւն հասած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան: Այդ մասին յայտնած  է նախագահին  մամլոյ  ծառայութիւնը:
Զրուցակիցները քննարկած են դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին եւ կանոնադրական այլ մարմիններու միացեալ նիստի նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ օրակարգերուն վերաբերող հարցեր, նաեւ  անդրադարձած են խորհուրդի նախորդ նստաշրջանին ընդունուած որոշումներուն  իրագործման ընթացքին:
Նիքոլայ Պորտիւժա հանրապետութեան նախագահին զեկուցած է կազմակերպութեան ընթացիկ գործունէութեան, համագործակցութեան ծիրին մէջ արձանագրուած արդիւնքներուն, որոնց շարքին՝ ՀԱՊԿ-ի զինուորական բաղադրիչի զարգացման, ՀԱՊԿ-ի անդամ-պետութիւններու զինուորական համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւններու զարգացման ծրագիրի իրականացման ընթացքին, ՀԱՊԿ-ի միացեալ հրամանատարութեան ընթացիկ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման կապուած հարցեր: Այդ ծիրին մէջ զրուցակիցները  անդրադարձած են ուղղաթիռի դէպքին եւ  ատոր հետեւանքով յառաջացած իրավիճակին, որ, ըստ Նիքոլայ Պորտիւժայի, քննարկման առարկայ պիտի դառնայ նաեւ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներ  Սէյրան Օհանեանի եւ Էդուարդ Նալբանդեանի հետ: