images/stories/paris-mayor-26-10-2011.jpgԾիծեռնակաբերդի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելէ ետք՝ Փարիզի քաղաքապետ Պերթրան Տելանոյէ յայտնած է, թէ անհրաժեշտ է յիշել, որ Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն է:

Հոկտեմբեր 23էն 26, Երեւանի մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով կը կազմակերպուին «ֆրանսական գրականութեան օրեր», նուիրուած՝ ֆրանսական գրականութեան Ի. դարու մեծագոյն դէմքերէն՝ Մարկրիթ Տիւրասին: Ֆրանսական գրականութեան օրերուն կը մասնակցին Տիւրասի ստեղծագործութիւններու լաւագոյն մասնագէտներ, որոնք դասախօսութիւններ կուտան մայրաքաղաքի տարբեր հիմնարկներուն մէջ:

Երեւանի Եւ Փարիզի քաղաքապետներուն միջեւ՝
համագործակցութեան համաձայնագիր

Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ, Հոկտեմբեր 25ին, Երեւանի եւ Փարիզի քաղաքապետներ Կարէն Կարապետեանի եւ Պերթրան Տելանոյէի հանդիպման յաջորդած է երկու քաղաքներուն միջեւ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան համաձայնագիրի մը ստորագրումը:
Ստորագրման արարողութենէն ետք Փարիզի քաղաքապետը իր ելոյթին մէջ նշած է, թէ փաստաթուղթը կը ներառէ երկու քաղաքներուն միջեւ համագործակցութեան հետաքրքրական եզրեր: «Բարձր հիմքերու վրայ դրուած մշակութային ոլորտին մէջ մեր համագործակցութենէն բացի, կը նախատեսենք իրականացնել տնտեսական լուրջ ծրագիրներ: Տարբեր ոլորտներու մէջ փորձի փոխանակման միջոցով, միասնաբար պիտի կատարելագործենք քաղաքային տնտեսութեան կառավարման համակարգը», ըսած է Պերթրան Տելանոյէ:
Իր կարգին, Երեւանի քաղաքապետը ընդգծած է, որ գործակցային նման մակարդակ լաւ օրինակ կրնայ ըլլալ նաեւ Ֆրանքոֆոն այլ քաղաքներու հետ յարաբերութիւններուն:
Քաղաքապետը յայտնած է, որ երեւանեան վեհաժողովը պիտի կայանայ գործնական եւ արդիւնաւէտ մթնոլորտի մէջ: