Շփման գիծին մօտ խոցուած ուղղաթիռի դէպքէն արդէն տաս օր անցած է, մինչ օդաչուներու դիակները վայրէն դուրս բերելու բոլոր այդ ժամանակաշրջանը յատկանշուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ ցոյց տրուած անմարդկային անթոյլատրելի տրամադրութեամբ:
Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան խօսելով հարցի մասին, յայտնած է թէ ըստ իր կարծիքին՝
Հայաստանը ամէն ինչ պէտք է ընէ, որպէսզի ստիպէ Ատրպէյճանը միջազգային իրաւունքի չափանիշներով առաջնորդուելու. «Մենք պէտք է աշխուժ նախաձեռնութեամբ հանդէս գանք, որ այն, ինչ կը կատարէ Ատրպէյճանը, իր մէջ կը պարունակէ պատերազմի, յանցագործութեան յստակ տարրեր: «Այդ պահուածքը՝ թոյլ չտալ, որ մօտենան եւ տեսնեն թէ ինչ է կատարուել այնտեղ, շատ հաւանական էր, որ զոհուած էին, եւ այդ զոհերու դիակներուն հասնիլ ու վերցնելը, այդ ուղղակի կարելի չէ տեղաւորել որեւէ նորմալ բանականութեան շրջանակներու մէջ, եւ Հայաստանը ունի բոլոր հնարաւորութիւնները, որպէսզի կարողանայ այս հարցը հետապնդել միջազգային ատեաններուն մօտ: Այդ ատեաններն ալ պէտք է հասկնան, որ սա հետեւանք է յատկապէս այն պահուածքի, որ իրենք շարունակաբար անհասցէ ուղղակի կոչեր ուղղած են չխախտել ռեժիմը, ուժի գործադրումը դադրեցնել, ուժի միջոցով չփորձել հարցերը լուծել եւայլն: Եւ այն բոլոր միջադէպերը, որ տեղի ունեցած են սահմանի վրայ, շատ ակնյայտ է, թէ որտեղից են եկել եւ ո՛վ է դրանց հեղինակը: Բայց միշտ մենք ականատես կը դառնանք միջազգային հանրութեան կրաւորական կեցուածքին, անհասցէ ինչ-որ յայտարարութիւններու, ուրկէ բնականաբար կ'ոգեւորուի Ատրպէյճանը»,- ըսած է Արմէն Ռուստամեանը:
Ատրպէյճանցի պաշտօնեաները վերջին օրերուն իրենց կատարած յայտարարութիւններուն մէջ փորձած են ուղղաթիռի անձնակազմի դիակներու վերադարձի հարցը անուղղակիօրէն կապել Արցախի մէջ գտնուող յարձակող գրոհայիններու վերադարձին հետ:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչ դիրքորոշում պէտք է ընդունի Հայաստանը այս հարցի կապակցութեամբ, Ռուստամեանը ըսած է. «Հայաստանը, ինչպէս միշտ ըսած ենք, երաշխաւորը կը հանդիսանայ ԼՂՀ անկախութեան, եւ քանի չէ ճանչուած ԼՂՀ-ն որպէս միջազգային սուբյեկտ, Հայաստանը այդ շահերը կրնայ ներկայացնել բոլոր ատեաններուն մօտ՝ բնականաբար ամէն ինչ ընելով, որպէսզի չդիտուի, որ ան կը փոխարինէ Ղարաբաղը, եւ մենք այդուամենայնիւ մեր գործողութիւններով հնարաւորութիւն չտանք, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղը որպէս ֆակտոր, որպէս գործօն այս բոլոր գործընթացներէն դուրս մղուի: Եւ բնական է, որ այն, ինչ որ հիմա կը կատարէ Ղարաբաղը, կապուած այդ գրոհայիններու խումբի դատավարութեան հետ, միջազգային բոլոր չափանիշներուն համապատասխան է: Այս եղելութիւնը կը ջղայնացնէ Պաքուն, որ կ'ուզէ դադրեցնել այդ գործընթացը: Սրան է ուղղուած այդ ամէն ինչը, եւ իրենց պահանջը միշտ այդ նոյնն է, որ պահանջեն, որ ընդհանրապէս որպէս Ղարաբաղ հանդէս մի գաք, եւ այդ պարագային թոյլ կուտամ, որ դուք մօտենաք այդ խոցուած ուղղաթիռին»: