Այս տարուան ինը ամիսներու ընթացքին Հայաստանի մնայուն բնակչութիւնը նուազած է շուրջ 3.200 հոգիով:
Ըստ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան Մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժնի պետ Կարինէ Գույումճեանի, Երեւանէն յետոյ բնակչութեան թիւի ամենամեծ նուազումը արձանագրուած է Հայաստանի ամենէն աղքատ՝ Շիրակի եւ Լոռիի մարզերուն մէջ:
Պաշտօնական տուեալներու համաձայն, այս ժամանակահատուածին նաեւ Հայաստանէն մեկնածներու եւ հոն վերադարձածներու տարբերութիւնը կազմած է 13.600 հոգի:
Ազգային վիճակագրական ծառայութեան ներկայացուցիչը յայտնած է, որ այս տարուան ինը ամիսներուն նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատութեամբ շուրջ 4,5% աւելցած են մահուան դէպքերը, որու գլխաւոր պատճառը հիւանդութիւններու աճն է:
Թէեւ այս տարի ծնունդներու թիւը շուրջ 10 հազար աւելի եղած է, քան մահուան պարագաները, սակայն այս թիւը այնքան փոքր է, որ չþազդեր ծնելիութեան ցուցանիշին վրայ, որ ըստ Գույումճեանի, կը շարունակէ մնալ ցած։ Հայաստան կը նկատուի ծերացող երկիր, տեղի չþունենար բնակչութեան բաւարար երիտասարդացում: