«Մի-24» ուղղաթիռի անձնակազմին ճակատագիրը պարզելու նպատակով, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցութիւններ կը կատարուին՝ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ:

«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունին. ան ըսած է, որ ներկայ դրութեամբ յստակ տեղեկութիւն կարելի չէ հաղորդել բանակցութիւններուն եւ անոնց արդիւնքներուն մասին:

«Նոյեմբերի 13ից կողմերի միջեւ ընթանում է երկխօսութիւն: Դրա նպատակն է հնարաւորինս արագ կողմերին բերել դէպքի վայր, որպէսզի պարզաբանուի ուղղաթիռի անձնակազմի ճակատագիրը: Այս պահին կարող ենք միայն փաստել, որ ընթանում են բանակցութիւններ շահագրգիռ բոլոր կողմերի հետ: Մեր կազմակերպութիւնը հակամարտութեան գօտում գործող իր պատուիրակութիւնների միջոցով անում է հնարաւոր ամէն ինչ, որպէսզի կողմերը համաձայնութեան հասնեն: Մշտական կապի մէջ են Երեւանի հետ, բանակցութիւններ են տարւում Պաքուի հետ: Համապատասխան աշխատանքներ են տարւում, որպէսզի կարողանանք հասնել արդիւնքի», դիտել տուած է Զառա Ամատունի: