images/stories/moscow-serj1-25-10-2011.jpgԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Քրեմլինի մէջ Հոկտեմբեր 24ին տեղի ունեցած հայ-ռուսական բանակցութիւններէն եւ փաստաթուղթերու ստորագրումէն ետք, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Տմիթրի Մետվետեւ հանդէս եկած են համատեղ յայատարարութիւններով:

Նախագահները անդրադարձած են նաեւ ղարաբաղեան հիմնահարցին:
«Ռուսաստանի ներդրումը ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման գործում անհերքելի է: Տմիթրի Անատոլեւիչի ջանքերով միայն վերջին շրջանում կայացել են տասը եռակողմ հանդիպումներ: Դժուար է հիմա Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վստահութեան մասին խօսել, սակայն այն, որ ի յայտ են գալիս փոխ վստահութեան որոշ հիմքեր՝ միանշանակ է», ընդգծած է Հայաստանի նախագահ Ս. Սարգսեան:
Իր կարգին, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ արձանագրած է, թէ Ռուսիա միշտ ալ կարեւոր կը համարէ Անդրկովկասի մէջ տիրող դրութիւնը:  «Մենք կարծիքներ փոխանակած ենք նաեւ ղարաբաղեան հիմնահարցին շուրջ, ու հաստատած ենք այն ձգտումը, ըստ որուն, կողմերը պէտք է հարցի կարգաւորումը գտնեն քաղաքական ջանքերու միջոցով: Այս ուղղութեամբ վերջին շրջանին լուրջ աշխատանք կատարուած է», ըսած է Տ. Մետվետեւ:

«Մենք Վստահ Ենք, Որ Հակամարտութիւնը Նոր Պատերազմով
Չի Կրնար Լուծուիլ». Սերժ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահը ընդգծած է, որ հայկական կողմի դիրքորոշումը վերջին տարիներուն եղած է եւ անփոփոխ կը մնայ՝ «Հայաստանը կողմնակից է միջազգահին իրաւունքի չափանիշներուն, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու՝ Տովիլի, Մուսկուայի եւ ԼÿԱքուիլայի մէջ ընդունուած համատեղ յայտարարութիւններուն հիման վրայ ԼՂ հիմնախնդիրի հնարաւոր արագ կարգաւորման»:
«Աւելի քան երկու տասնամեակ առաջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդն իր ազատ կամարտայայտմամբ կեանքի կոչեց ազատ եւ ինքնուրոյն ապրելու, իր ճակատագրի եւ խաղաղ ապագայի համար պատասխանատու լինելու իրաւունքը, որի (խաղաղ ապագայի) հետագայ ճանապարհը ստիպուած էր հարթել իր արժանիքը, պատիւը եւ կեանքը պաշտպանելու միջոցով, ապագայ, որը նա պաշտպանեց» ըսած է ՀՀ նախագահը: