ԼՂՀ դիմած է «Կարմիր Խաչ»-ին`
զարնուած ուղղաթիռի անձնակազմը ետ ստանալու համար
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը դիմած է «Կարմիր խաչ»ի միջազգային կոմիտէին (ԿԽՄԿ) միջնորդութիւնը խնդրելով, որպէսզի Հայաստանին յանձնուին ուսումնավարժական թռիչք կատարելու ժամանակ ատրպէյճանցիներու կողմէ վար առնուած հայկական ուղղաթիռի անձնակազմին մարմինները:
ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի ղեկավար Մովսէս Յակոբեան նշած է, որ ուղղաթիռը ինկած է ատրպէյճանցիներու դիրքին շատ մօտ եւ քանի որ ատրպէյճանական կողմի կրակահերթը բնաւ չէ դադրած այդ պահէն ի վեր, թոյլ չի տրուիր, որ նոյնիսկ ինկած օդաչուներուն մօտենան: Այդ պատճառով դիմած են «Կարմիր խաչ»-ին, որպէսզի ան միջնորդէ:
Մովսէս Յակոբեան դիտել տուած է թէ Ատրպէյճան ուղղաթիռը հարւածելով՝ կ՛ըսէ այն, ինչ որ ցարդ ըսած է: Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք պատերա՞զմ կ՛ուզէ՝ հրամանատարը հաստատած է. «Իմ կարծիքով՝ այո՛»:
Մովսէս Յակոբեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Ատրպէյճանի հետ 1994ին կնքուած զինադադարին ընթացքին նման դէպք չէ արձանագրուած: Հակառակորդը առաջին անգամ ըլլալով կիրարկած է հակաօդային պաշտպանութեան միջոց:
Հայկական կողմէն պատասխան՝ անպայման պիտի ըլլայ: «Խուճապի մատնուելու կարիք չկայ: Մենք պարզելու ենք, թէ ինչ է եղել, յետոյ որոշումներ կայացնենք», նշած է հրամանատարը, հաւաստիացնելով թէ հակահարուածը անխուսափելի է:
ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորթիւժա իր կարգին, խօսելով դէպքի մասին, ընդգծած է, որ միջադէպը աւելի կը սրէ լարուածութիւնը տարածաշրջանէն ներս եւ կը մեծցնէ մտահոգութիւնները: «Ուղղաթիռի խոցումը բռնութեան շատ վտանգաւոր դրսեւորում էր: Առկայ է հակամարտութեան սրման նոր փուլի վտանգ: Հարաւային Կովկասի մէջ վիճակը ալ աւելի կը սրի: Շատ կարեւոր է ապահովել ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացը» ըսած է ան:
Մինսկի Խմբակի Նախագահները «Խորապէս Մտահոգուած Են»
ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Փիեռ Անտրէ (Ֆրանսա) եւ Ճէյմզ Ուորլիք (Ամերիկա) Վիննայէն երէկ հրապարակած են յայտարարութիւն մը՝ «խոր մտահոգութիւն» յայտնելով Լեռնային Ղարաբաղի սահմանին վրայ ուղղաթիռի կործանման կապակցութեամբ: Ստորեւ կը հրատարակենք սոյն յայտարարութեան հայերէն թարգմանութիւնը. «Մենք՝ Մինսկի խումբի համանախագահներս, խորապէս մտահոգուած ենք այն զարգացումներով, որոնց հետեւանքն է այս ծայրայեղ միջադէպը, որ իր բնոյթով աննախընթաց է հրադադարի համաձայնագիրի կնքումէն ի վեր: Մենք կը ցաւինք մարդկային կեանքերու կորուստին համար եւ մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք զոհերու ընտանիքներուն:
Մենք ուժգնօրէն կը դիմենք կողմերուն, որ խուսափին շփման գիծի եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին լարուածութիւնը սրող քայլեր առնելէ: Շրջանը չի կրնար դիմանալ անցեալ ամարւան ընթացքին տեղի ունեցած բռնարարքներու կրկնութեան: Այսօր տեղի ունեցած միջադէպը մեզի կը յիշեցնէ, թէ որքան փոփոխական (պայթուցիկ) վիճակ կը դիմագրաւէ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը եւ կը շեշտէ ստիպողութիւնը մնայուն լուծման հասնելու ջանքերը բազմապատկելու: Մենք վճռական կը մնանք բոլոր հնարաւոր միջոցներով աջակցելու կողմերուն:
Մենք կը յիշեցնենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հրադադարը յարգելու, ինչպէս նաեւ այս տարի Սոչիի, Նիւպորթի եւ Փարիզի մէջ կայացած հանդիպումներու ընթացքին հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով լուծելու վերաբերեալ ստանձնած յանձնառութեան մասին իրենց պարտաւորութիւնը: Մենք նաեւ կը քաջալերենք կողմերը անյապաղ ձեռնարկելու վստահութեան կառուցման համար անհրաժեշտ միջոցառումները, որոնք կ՛ապահովեն շփման գիծի իրավիճակի թափանցիկութիւնը եւ կը նուազեցնեն այսօրւան միջադէպի կրկնութեան հաւանականութիւնը»: