ԵԱՀԿ Գլխաւոր քարտուղար Լամբերթօ Զաննիերիին յանձնեց իր հաւատարմագրերը՝ նորանշանակ դեսպան Արման Կիրակոսեանը:


Յաջորդած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ԵԱՀԿի առջեւ ծառացած առաջնահերթ խնդիրները եւ կազմակերպութեան ծիրէն ներս համագործակցութեան առնչութեամբ Հայաստանի մօտեցումները:
Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման ներկայ փուլին: