Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիովաննի Ռիչուլին, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած զինուորական կցորդ Ճիովաննի Արմենթանին (նստավայրը՝ Մոսկուա) եւ ծովուժի կցորդ Ալեսանտրօ Մարիա Տիոնիճին՝ վերջինիս Հայաստանի մէջ հաւատարմագրման առիթով:

Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը շնորհաւորած է Տիոնիճին Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուելու առիթով եւ մաղթած յաջողութիւն: Սէյրան Օհանեան նշած է, որ պաշտպանական մարզին մէջ հայ-իտալական յարաբերութիւնները թեւակոխած են նոր հանգրուան՝ ընդգծելով ինչպէս Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու առաքելութեան իտալական զօրախումբի կազմին մէջ նոյեմբեր ամսուան կէսերէն հայ խաղաղապահներու տեղակայումը, այնպէս ալ երկկողմ զինուորական համագործակցութեան ծիրին մէջ ընթացք ստացած նոր նախաձեռնութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմ համագործակցութեան ներկայ ընթացքին եւ զարգացման հեռանկարներուն առնչուող այլ հարցեր: