Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի զինուած ուժերը այս օրերուն լայնածաւալ զօրավարժութիւններ կ՛իրականացնեն. այս մասին հաստատեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:


«ՀՀ Զինուած ուժերը ամէն տարի մի քանի անգամ տարբեր տեսակի զօրավարժութիւններ են անցկացնում: Դրանք պլանային միջոցառումներ են՝ մեր զինուած ուժերի մարտունակութեան բարձրացմանն ու բարեփոխումներին ուղղուած: Տարեցտարի այդ զօրավարժութիւնները տարբեր բնոյթ են ստանում՝ կախուած մեր զարգացման եւ իրավիճակային փոփոխութիւններից: Գնալով աւելի կատարելագործում են դրանով զինուած ուժերը: Դրանց բովանդակութիւնը եւս տարեցտարի փոփոխւում է: Ինչպէս նկատում էք, պահեստազօրը եւս տարեցտարի աւելի լայն ընդգրկում է ստանում, այդ զօրավարժութիւններին աւելի լայն մասնակցում է», աւելցուց Յովհաննիսեան:
Ըստ անոր՝ զօրավարժութիւնները տեղի կ՛ունենան գլխաւորաբար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Պահեստազօրի մասնակցութիւնը ապահովելու համար, նաեւ կարճաժամկէտ հաւաք իրականացուած է: Միայն Հայաստանէն, զօրավարժութիւններուն կը մասնակցի աւելի քան 10 հազար պահեստազօրային:
Այն հարցումին, թէ արդեօք զօրավարժութիւնները պայմանաւորուա՞ծ են սահմանային լարուածութեամբ, Արծրուն Յովհաննիսեան պատասխանեց, որ անոնք ծրագրուած զօրավարժութիւններ են: Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակին՝ իրավիճակը սահմաններուն վրայ համեմատաբար խաղաղ է:
Կովկասի հիմնարկի փոխտնօրէն, ռազմական փորձագէտ Սերգէյ Մինասեանի կարծիքով՝ թէեւ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի զինուած ուժերու զօրավարժութիւնները այս անգամ աւելի լայնածաւալ են, սակայն արտառոց ոչինչ կայ։ Ըստ անոր՝ զօրավարժութիւնները յարմար առիթ են նոր զէնքերու փորձարկման համար:

Քաղաքական տեսանկիւնէն հարցը դիտարկելով՝ Մինասեան կը նկատէ, որ ատրպէյճանական կողմէ կացութիւնը սրելու փորձերը վերջերս համեմատաբար նուազած են։ «Հետեւաբար, հայկական կողմերը որեւէ պայմաններ կամ որեւէ նպատակ չունեն ցուցադրելու ինչ որ լրացուցիչ պատրաստութիւններ: Դրա հետ մէկտեղ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յատուկ ուշադրութիւն է դարձնում նրան, որ այդ զօրավաժութիւնները ծրագրուած են: Այսինքն, որեւէ ձեւով օգոստոսեան իրադարձութիւնների հետ չեն կապւում», կ՛աւելցնէ ան:
Ըստ փորձագէտին՝ սահմանին վրայ լարուածութեան մեղմացման նպաստած են ոչ միայն հայկական զինուորական ուժերու պատասխան հարուածները, այլ նաեւ Օգոստոսէն ի վեր ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումները: