Երկու նախարարութիւններ կը միաւորուին
Երէկ գումարուած ՀՀ կառավարութեան նիստին մէջ ժողովականները քննարկեցին փոխ վարչապետի եւ տարածքային կառավարման նախարարի թափուր մնացած պաշտօններու ճակատագիրը:
Նախապէս՝ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) գործադիր մարմնի նիստէն յետոյ, կուսակցութեան փոխ նախագահ եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը յորդորած էր մէկ օր սպասել, խուսափելով ուղղակիօրէն պատասխան մը տալէ լրագրողներու հարցումին՝ թէ արդեօք Հանրապետականը արդէն թեկնածուներ ունի՞ կառավարութեան թափուր մնացած պաշտօններուն համար, թէ՞ ոչ: «Մենք քննարկել ենք Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ներսում որոշ կառուցուածքային փոփոխութիւնների խնդիրը, այդ կառուցուածքային փոփոխութիւնների մասին աւելի ճիշդ կը լինի, որ դուք տեղեկանաք Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նիստի օրակարգից», - ըսած է նախարարը:
Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմնի նիստէն յետոյ Արմէն Աշոտեանը միայն մէկ անուն տուաւ, յայտնելով թէ Վայոց Ձորի մարզպետի իրենց թեկնածուն Վայքի քաղաքապետ Յարութիւն Սարգսեանն է:
Նոր նախարութեան ստեղծում՝ երկուքի միաւորումով
ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը նոյն նիստին ընթացքին յայտարարեց, որ յետ այսու միաւորուած կը գործեն Արտակարգ իրավիճակներու եւ Տարածքային կառավարման նախարարութիւնները: Նորաստեղծ նախարարութիւնը պիտի կոչուի Տնտեսական Ինտեգրման եւ բարեփոխումներու նախարարութիւն: