Պրիւքսել եւ Երեւան կը քննարկեն
համագործակցութեան նոր հնարաւոր ձեւաչափեր
«Որքան հեռու կարելի է երթալ՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ»
Պրիւքսելի Եւրոպական Խորհրդարանի Արեւելեան Գործընկերութեան ծրագրի մասին քննարկումներուն ընթացքին անդրադարձ մը կատարուած է Հայաստանի մասին, Վիլնիուսի մէջ մերձեցման համաձայնագրի ստորագրութեան ձախողութենէն ետք:
Քննարկման ներկայ եղած են բազմաթիւ խորհրդարանականներ, Եւրոպական Յանձնաժողովի ներկայացուցիչներ ու մասնագէտներ: Ուշագրաւ ելոյթով հանդէս եկած է «Յանուն ժողովրդավարութեան եւրոպական հիմնադրամի» տնօրէն Երզի Պոմիանովսկի, որ խօսած է Հայաստանի մասին:
«Այստեղ Եւրոպական Միութենէն ներս յաճախ կը լսեմ խօսակցութիւններ, թէ Հայաստանը կատարեց իր ընտրութիւնը՝ միանալով Եւրասիական Միութեան, այնպէս որ մենք կորսնցուցինք Հայաստանը Արեւելեան գործընկերութենէն. բայց այդ մէկը ճիշդ չէ: Մենք դեռ երէկ կը քննարկէինք այս նիւթը ու մէկ բան պարզ է՝ եթէ դուք երթաք Երեւան եւ զրուցէք, օրինակ, TAXI վարորդներու, կամ սրճարաններու սպասարկուներու հետ, կը տեսնէք, որ այդ որոշումը իրենցը չէր: Մարդիկ ուրախ են ապրելու ժողովրդավարութեան յոյսով: Այստեղ մենք ունինք միջազգային համագործակցութեան նոր ձեւաչափ, երբ իշխանութիւնները միշտ չէ, որ ժողովուրդի ձայնի ներկայացուցիչներն են: Այս մէկը այն է, ինչ Փութինը կ'ուզէ ըսել՝ «Ես միակն եմ, որ կ'արտայայտեմ իմ ժողովուրդի կարծիքը եւ ռուս ժողովուրդի անունով միայն ես կրնամ խօսիլ»,- դիտել տուած է Պոմյանովսկին։
Եւրոպացի պաշտօնեաները իրենց խօսքերուն մէջ բազմաթիւ անգամներ նշած են, որ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի համար հարկաւոր է մտցնել տարբերակ՝ ըստ երկիրներու։ Նոյն մօտեցումը կարելի չէ կիրառել տարբեր երկիրներու նկատմամբ:
Եւրոպական Արտաքին գործերու ծառայութեան Արեւելեան գործընկերութեան երկկողմ յարաբերութիւններու վարչութեան փոխ տնօրէն Ատրիանօ Մարտինս հաստատատած է, որ այս օրերուն Պրիւքսելի մէջ կողմերը կը քննարկեն Հայաստանի հետ համագործակցութեան նոր հնարաւոր ձեւաչափեր:
Հայաստանի հետ հնարաւո՞ր է համագործակցութիւն ունենալ, առանց տնտեսական հատուածի հարցումին, Մարտինս պատասխանած է.- «Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է որոշէ ու մեզի ներկայացնէ, թէ ինչ հարցերու ծիր իրենք կը փափաքին ունենալ մեր համագործակցութեան կապակցութեամբ, հաշուի առնելով Մաքսային միութեան անդամակցութիւնը: Այս թեքնիք հարց է եւ ոչ թէ քաղաքական: Բայց այս ամէնը կախուած է այն բանէն, թէ որքանով Հայաստանը կը փափաքի համագործակցիլ Եւրոպական Միութեան հետ: Անոնք գիտեն մեր միջոցները, եւ պէտք է մեզի յայտնեն իրենց ցանկութիւնն ու հնարաւորութիւնները»,- ըսած է Եւրոմիութեան պաշտօնեան: