Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահները համաձայնած են տեղեկութիւններ փոխանակել՝ Արցախեան պատերազմի տարիներուն անյայտ կորսուածներուն մասին՝ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին միջոցով:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Ֆրանսայի նախագահական կայքը։
Համաձայնութիւնը կայացած է Փարիզի մէջ Արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման նուիրուած բանակցութիւններէն ետք: Կողմերը նաեւ ընդգծած են հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման այլընտրանքի բացակայութիւնը:
Նշենք, որ տարբեր աղբիւրներէ ձեռք բերուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Արցախեան պատերազմէն ետք Հայաստանի մէջ հաշուըւած է շուրջ 200է աւելի անյայտ կորսուած: