«Մանկական Եւրատեսիլ - 2014» երաժշտական մրցումը այս տարի պիտի կազմակերպուի Նոյեմբեր 15-ին, Մալթայի մէջ: Հայաստանի ներկայացուցիչ պատանի երգչուհին՝ Պեթթին, գեղեցիկ, ժպտուն ու բեմական անկաշկանդ պահուածքով աղջնակ մըն է, որ խանդավառութիւն կը սփռէ իր շուրջ: Պեթթին հանդէս պիտի գայ «Արեւի մարդիկ» երգով:

Պեթթին եւ մրցոյթի մասնակիցներու խումբը այցելեցին 
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն

Նոյեմբեր 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոեյան ընդունեց Մանկական Եւրատեսիլ երգի 12-րդ մրցոյթի Հայաստանի ներկայացուցիչ Էլիզաբեթ Դանիէլեանին (Պեթթին) եւ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Գոհար Գասպարեանը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը վստահութիւն յայտնեց, որ Պեթթիի երաժշտական տուեալները,ժպիտն ու խանդավառութիւնը կþօգնեն՝ գրաւելու ողջ աշխարհի երաժշտասէր հանրութեան ուշադրութիւնն ու համակրանքը:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդգծեց. «Սիրելի՛ Պեթթի, ողջունելի է յատկապէս մայրենիի քո հրաշալի իմացութիւնը եւ արտայայտուելու կարողութիւնը: Համոզուած եմ, որ Սփիւռքում ապրող ոչ մի հայ չի կարող անտարբեր մնալ, եւ իրենց ձայնը կուտան հօգուտ քո կատարման»:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը աւելցուց, որ Մալթայի հայ համայնքը անհամբեր կը սպասէ հայ մանուկին: Ան Պեթթիին եւ պատուիրակութեան կազմին յանձնեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող «Անմոռուկ» կրծքանշաններ եւ կոչ ուղղեց համերգային շրջագայութեան ընթացքին կրել անոնք:
Նախարարը Պեթթիին նուիրեց նաեւ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութիւնը խորհրդանշող վերտառութեամբ դրօշ, հայկական երգերու ժողովածու, խտասալիկ եւ հայատառ կլոբուս-լուսամփոփ:
«Մանկական եւրատեսիլ-2014»ը ներկայացնող Պեթթին հանդիպման մասնակիցներուն ներկայացուց մրցոյթէն առաջ իր զգացողութիւնները եւ կատարեց «Արեւի մարդիկ» երգը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարին ջերմ ընդունելութեան համար՝ պատուիրակութեան ղեկավար Գոհար Գասպարեան նշեց, որ ե՛ւ մանկական, ե՛ւ մեծերու եւրատեսիլ մրցոյթներուն մշտապէս զգացած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութիւնը: «Շնորհակալ ենք յատկապէս այս տարի Արամ MP3-իի ելոյթին ձեր ցուցաբերած գործօն աջակցութեան համար, որը, կը կարծեմ, նպաստեց, որ մեր ներկայացուցիչը գրաւէ 4-րդ պատուաւոր հորիզոնականը: Նոյեմբեր 15-ին կայանալիք մանկական եւրատեսիլին նոյնպէս կþակնկալենք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութիւնը», -աւելցուց Գոհար Գասպարեանը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը համոզմունք յայտնեց, որ տաղանդաշատ Պեթթիի եւ փորձառու պատուիրակութեան ջանքերով մանկական եւրատեսիլը կը դառնայ իսկական տօն աշխարհասփիւռ ողջ հայութեան համար եւ Պեթթին Հայրենիք կը վերադառնայ գերազանց արդիւնքներով: