Նոյեմբեր 3-5-ին Պրիւքսէլ կատարած այցելութեան ծիրէն ներս ՀՀ տնեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեան հանդիպած է Եւրոպական յանձնաժողովի անդամ, Եւրոպական դրացիութեան քաղաքականութեան (ԵՀՔ) եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հանին:

Անոնք ստորագրած են ԵՄ կողմէ 2014-2017 թուականներուն Հայաստանին տրամադրուելիք աջակցութեան վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիրը, ուր ամրագրուած է, որ ԵՄ 2014-2017 թուականներուն Հայաստանին պիտի յատկացնէ շուրջ 140-170 միլիոն եւրօ գումար կողմերու միջեւ նախապէս համաձայնեցուած երեք ուղղութիւններով՝ մասնաւոր հատուածի զարգացում, պետական կառավարման եւ արդարադատութեան բնագաւռաներու բարեփոխումներ:

Ստորագրուած է նաեւ «Աջակցութիւն գիւղատնտեսութեան եւ գիւղական զարգացման» Եւրոպական Միութեան պիւտճէտային աջակցութեան 2013 թուականի ֆինանսաւորման համաձայնագիրը, որու ծիրէն ներս ԵՄ-ն ՀՀ գիւղատնտեսութեան ոլորտի զարգացման պիտի յատկացնէ շուրջ 25 միլիոն եւրոյի աջակցութիւն:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են ԵՄ աջակցութեամբ վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ իրականացուած արդիւնաւէտ բարեփոխումներուն, ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանին տրամադրուող պիւտճետային եւ տեխնիկական աջակցութեան գործիքներուն եւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու:
Եւս մէկ անգամ ընդգծուած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը յայտարարած է «Բաց երկնքի» քաղաքականութեան մասին եւ պատրաստ է ԵՄ-ի հետ բանակցութիւններ սկսելու Ընդհանուր օդային գօտիի վերաբերեալ համաձայնագիրին շուրջ:
Հանդիպման ընթացքին նախարարը կարեւորած է ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանին «Շուկայական տնտեսութեան կարգավիճակի» շնորհման անհրաժեշտութիւնը:
Նոյեմբեր 3-ին ՀՀ տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեան հանդիպած է նաեւ Եւրոպական յանձնաժողովի Ձեռնարկատիրութեան հարցերու գլխաւոր տնօրէնութեան ղեկավար Դանիէլ Գալեխա Կրեսփոյին:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ԵՀՔ գործընկեր երկիրներու համար հասանելի ծրագիրներ: