Արտակ Գրիգորեան ծնած է 1978ին Երեւանի մէջ:
Ան Կինես մրցանիշներու ռեկորտակիր է եւ Հայաստանի մէջ 47 ռեքորներու հեղինակ: Ան արհեստավարժ մարմնամարզութեան հետեւած չէ, այսուհանդերձ միշտ հետաքրքրուած եղած է մարմնամարզութեամբ՝ յատկապէս օղակներու վրայ կատարուող վարժութիւններով:
Երիտասարդ Արտակը իր մարզումը սկսաւ իր տան բակին մէջ, յամառօրէն փորձելով «Ազարեանական խաչ»ը կատարել: Իրագործելով այդ իր առաջին ծրագիրը, սկսաւ նոր եւ աւելի բարդ վարժութիւններու վրայ աշխատիլ (օղակէն կախուած մէկ մատով, ձեռքերը ծալուած դիրքէ, եւայլն):
Կատարելագործելով այդ բոլոր վարժութիւնները Արտակ Գրիգորեան նոր թիրախ մը ճշդած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով: Ան կ'ուզէ 2015ի մէջ յաջողցնել նոր վարժութիւն մը, կախուած ուղղաթիռէ կամ օդապարիկէ եւ այդ ձեռքբերումը նուիրել Հայոց Մեծ Եղեռնի 100ամեակին:
Երեւանի 2795ամեակին առիթով, հրշէջ-սանդուխէ մը 30 մեթր բարձրութենէ կախուելով, ռեքոր-մրցանիշ մը արձանագրեց Արտակ Գրիգորեանը, օղակներու վրայ հայկական «խաչ»ը կատարելով 15 վայրկեան տեւողութեամբ: Արտակի ռեքորը նուիրուած էր քաղաքամայր Երեւանի տօնակատարութիւններուն եւ մեծ հիացմունքով դիտուեցաւ ներկաներուն կողմէ, որոնց շարքին էր նաեւ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը: