Երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Մեծն Բրիտանիոյ Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Տէյվիտ Լիտինկտըն:

Ան այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթող եւ թանգարան, ապա հանդիպում ունեցաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:
Ողջունելով հիւրի ներկայութիւնը՝ նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատեց Հայաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան հետ երկկողմ ու բազմակողմ յարաբերութիւններու զարգացումը: Ան աւելցուց թէ «գոհունակութեամբ պէտք է նշեմ, որ վերջին տարիներուն ընթացքին ականատես ենք քաղաքական շփումներու աշխուժացման, եւ վստահ եմ, որ այդ միտումը կը լինի շարունակական»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, նախարար Լիտինկտըն նշեց, որ Մեծն Բրիտանիա Հայաստանը կը դիտէ որպէս կարեւոր գործընկեր, ու իր այցելութեան նպատակը եւ ուղերձը՝ նոր լիցքի հաղորդումն է Հայաստանի հետ համագործակցութեան:
Նախարարները քննարկեցին քաղաքական, առեւտրատնտեսական եւ այլ բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան խորացման ուղիները։ Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, թէ յարաբերութիւններու զարգացման համար կարեւոր դեր ունի իրաւական դաշտի կատարելագործումն ու ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ արդէն ստորագրուած մէկ տասնեակէ աւելի փաստաթուղթերու արդիւնաւէտ կիրառումը:
Նախարար Նալբանդեանը Տէյվիդ Լիտինկտընին հանգամանալից կերպով ներկայացուց Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու ջանքերը՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման, Փարիզի մէջ մէկ շաբաթ առաջ կայացած գագաթաժողովի արդիւնքները: Այս առումով բրիտանացի նախարարը նշեց, որ իր երկիրը կը սատարէ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ Մինսկի խումբի համանախագահութեան հովանիի ներքեւ ընթացող գործընթացին: