Երեւանը եւ Ամմանը՝ քոյր քաղաքներ հռչակուեցան
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Յորդանան կ’այցելէ երկրի Ապտալլա Բ. թագաւորի հրաւէրով: Թագաւորին նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ապտալլա Բ. թագաւորի դռնփակ հանդիպումը:
Հայաստանի նախագահը եւ Յորդանանի թագաւորը անկեղծ բարեկամական մթնոլորտի մէջ ան- դրադարձած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման եւ փոխ շահաւէտ մարզերու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարին: Զրուցակիցները յանձնառութիւն ստանձնած են քաղաքական երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութիւնը բարձրացնելու որակական նոր մակարդակի: Հանդիպման անդրադարձ եղած է տնտեսական համագործակցութեան խորացման եւ գոյութիւն ունեցող ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործման: Կողմերը վերահաստատած են, որ երկու երկիրներուն միջեւ փոխ յարաբերութիւնները հիմնուած են բարի կամքի, փոխադարձ յարգանքի եւ փոխադարձ վստահութեան, ինչպէս նաեւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամութեան վրայ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ապտալլա Բ. թագաւորի դռնփակ հանդիպումին յաջորդած է երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ շարք մը մարզերու մէջ հայ-յորդանանեան համագործակցութեան խորացման ու ամրապնդման ուղղուած փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւնը:
Նախագահի պատուիրակութեան մաս կազմող Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Ամմանի իր գործընկեր՝ քաղաքապետ Աքել Պիլթաճի հետ ստորագրած է Երեւանն ու Ամմանը քոյր քաղաքներ հռչակելու մասին համաձայնագիր:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ երկու երկիրներու նախագահներու ներկայութեամբ ստորագրուած փաստաթուղթով Հայաստանի եւ Յորդանանի մայրաքաղաքները պարտաւորուած են փոխ շահաւէտ գործակցութիւն ծաւալել ու փորձառութեան փոխանակում իրականացնել տեղական ինքնակառավարման, ներդրումներու ներգրաւման, թափօններու կառավարման ու ջրամատակարարման եւ քաղաքային տնտեսութեան մարզերէ ներս:
Հայկական եկեղեցւոյ բացում՝ Յորդանան գետի ափին
Ի պատիւ նախագահ Սերժ Սար- գըսեանի՝ Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Բ.-ի անունով տրուած է աշխատանքային ճաշ: Արարողակարգին համաձայն, Հայաստանի նախագահը եւ Յորդանանի թագաւորը հանդէս եկած են փոխադարձ բաժակաճառերով:
Ապտալլա Բ. թագաւորը ընդգծած է, որ իր երկրին մէջ մեծ հպարտութեամբ կ’ընդունին Յորդանանի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող առանձնայատուկ յարաբերութիւնները: Երկու երկիրներուն եւ բարեկամ ժողովուրդներուն միջեւ, ըստ Յորդանանի թագաւորին, եղած են շատ խոր կապեր: Այդ առումով ան յիշատակած է իր հօր եւ մեծ հօր ջերմ ու բարեացակամ վերաբերումը հայերուն նկատմամբ եւ անոնց օժանդակութիւնը հայ ժողովուրդին: Թագաւորը ընդգծած է, թէ ոչինչ աւելի լաւ կը խորհրդանշէ հայ-յորդանանեան բարեկամութիւնը, քան Յորդանան գետի ափին այսօր տեղի ունենալիք հայկական եկեղեցւոյ բացումը:
Յորդանանի թագաւորը նշած է, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցելութեամբ նոր էջ կը բացուի հայ-յորդանանեան երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ եւ յոյս յայտնած է, որ այս այցելութիւնը աւելի պիտի ամրապնդէ միջպետական յարաբերութիւններն ու երկու ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր խօսքին մէջ շեշտած է, որ հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը կու գայ դարերու խորքէն, եւ ան յատկապէս դրսեւորուած է հայ ժողովուրդին համար ողբերգական պահուն, երբ Օսմանեան կայսրութեան մէջ կ’իրականացուէր Հայոց ցեղասպանութիւնը: