ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի Սեռերու հաւասարութեան մասին զեկոյցին մէջ Հայաստան կը գրաւէ 103րդ դիրքը:
Հայաստան նահանջած է 9 դիրք՝ 94րդ հորիզոնականէն յայտնուելով 103րդ՝ 142 երկիրներու ցանկին մէջ:
Ըստ զեկոյցին՝ Հայաստանի վիճակը լաւ է կրթութեան բնագաւառին մէջ, սակայն կնոջ դերը տնտեսական եւ քաղաքական ոլորտներուն մէջ տղամարդոց հետ բաղդատելով՝ վերջին տարուան ընթացքին վատթարացած է:
Զեկոյցին նպատակն է որոշել կիներու եւ տղամարդոց միջեւ հաւասարութեան մակարդակը՝ առողջապահութեան, կրթութեան, տնտեսութեան եւ քաղաքականութեան բնագաւառներուն մէջ՝ աշխարհի 142 երկիրներու մէջ:
Իսլանտան եւ Հիւսիսային Եւրոպայի եւս չորս երկիրներ ընդգրկուած են առաջատարներու հնգեակին մէջ՝ սեռային հաւասարութեան մակարդակով, իսկ ցանկը կ՛եզրափակեն Եմէնը եւ Փաքիստանը: