Եռաբլուր պանթէոն այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրով, Երկրապահ կամաւորականներու միութեան նախագահ Մանուէլ Գրիգորեան, բարձրաստիճան զինուորականներ, պաշտօնատարներ, Վազգէն Սարգսեանի մարտական ընկերները, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ազատամարտիկներ:
Այս մասին նշուած է պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: «Առաւօտեան կանուխ ժամերէն Եռաբլուր զինուորական պանթէոնը մարդաշատ էր: Բազմաթիւ մարդիկ եկած էին յարգանքի տուրք մատուցելու աննախընթաց ոճրագործութեան զոհ դարձած ականաւոր զինուորական եւ քաղաքական գործիչ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի յիշատակին, ինչպէս նաեւ անգամ մը եւս ոգեկոչելու յիշատակը այն հայորդիներուն, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին յանուն Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան եւ ազատութեան: Ներկաները ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն, անյայտ կորսուածներու յիշատակը յաւերժացնող եւ «Բերդապար» յուշակոթողներուն: 27 Հոկտեմբեր 1999-ի ոճրագործութենէն անցած է 15 տարի: Ինչ խօսք, տակաւին երկար տարիներ մարդոց յիշողութեան մէջ կը մնան հոկտեմբերեան դաժան իրադարձութիւնները: Անմահ է ոճրագործութեան զոհերուն յիշատակը, անմահ է անոնց հայրենանուէր գործը», ըսուած է պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Եռաբլուր այցելեցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Ազգային ժողովի փոխ նախագահներ Հերմինէ Նաղդալեան, Էդուարդ Շարմազանով, պատգամաւորներ, զոհուած պետական գործիչներու հարազատները, Ազգային ժողովի աշխատակազմի ներկայացուցիչները եւ խորհրդարանին մէջ հաւատարմագրուած լրագրողները: