Առաջին անգամ ըլլալով Երեւան այցելած Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր իրականացուցած է իր տարիներու երազը՝ այցելել Ցեղասպանութեան թանգարան:

Այդ մասին ան խօսեցաւ «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին: Տիգրանակերտէն Հայաստան հասած խումբը այցելած է նաեւ Հայաստանի ձայնասփիւռի կայանի շէնք, ծանօթացած քրտերէն հաղորդումներու բաժինի աշխատանքին: «Ամբողջ կեանքիս երազն էր՝ մինչեւ մահս այցելել Երեւանի ձայնասփիւռի կայան եւ Ցեղասպանութեան թանգարան: Ես այսօր կ՛իրականացնեմ իմ երազած ճամբորդութիւնս: Իբրեւ քիւրտ ժողովուրդի զաւակ՝ ես պարտաւոր էի ըլլալ այստեղ եւ բարեկամութեան ձեռք երկարել հայ ժողովուրդին: Երեւանի ձայնասփիւռի կայանը քրտերէն հաղորդում սփռած առաջին պետական ձայնասփիւռի կայանն է: Երբ սկսան հաղորդումները, քրտական մշակոյթն ու երաժըշտութիւնը այլ տեղեր արգիլուած էին: Երեւանի ձայնասփիւռի կայանին ստեղծած կամուրջը կենսական աղբիւր էր քիւրտ ժողովուրդին համար: Եւ այսօր կարգը մերն է, կ՛ուզենք անցեալին տեղի ունեցած ողբերգութիւններու սպիները մեղմացնող քայլեր առնել» ըսած է Պայտեմիր: