Հակառակ ատրպէյճանական սպառնալիքներուն, երկու հրաշք տիկիններ Արցախը այցելեցին նախորդող օրերուն ընթացքին: Աշխարհահռչակ սոփրանօ Մոնսերա Քապայէն եւ եւրոերեսփոխան տոքթ. Էլէնի Թէոխարուս, որոնք հանդիպում ունեցան Ստեփանակերտի մէջ, Արցախի ապագային հետ կապուած

ստեղծագործական նախաձեռնութիւններ եւս ծրագրելով: Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ պետական շրջանակներու հետ իրենց հանդիպումներուն ընթացքին, անոնք առիթը ունեցան վերանորոգելու իրենց կապուածութիւնը Արցախին հետ:
Կարեւոր է երկու տիկիններուն  եւ նման հռչակաւոր անձնաւորութիւններու այցելութիւնը Արցախ, մանաւանդ երբ անոնք կը գիտակցին թէ Ատրպէյճան իր «սեւ ցուցակներուն» մէջ կը ներառնէ իրենց անունները, հակաքարոզչութիւն կատարելով իրենց անձին ու գործունէութեան դէմ:
Մոնսերա Քապայէ եւ Էլէնի Թեոխարուս կը փորձեն իրենց հասանելի հարթակներուն վրայ  միշտ ներկայացնել իրական Արցախը՝ որպէս ազատութեան համար պայքարի խորհրդանիշ: