ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան “Հայերն Այսօր” եռալեզու (Արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն, Անգլերէն, Ռուսերէն) ելեկտրոնային պարբերականի (hayernaysor . am) խմբագիր նշանակուած է Նայիրի Մկրտիչեան։

Նայիրի Մկրտիչեան ծնած է Սուրիա (Գամիշլի), 2001 թուականին աւարտած է Պէյրութի “Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի “Լեզու եւ գրականութիւն” բաժինը, 2003 թուականին աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի “կրթութեան կառավարում” բաժինը։
Նայիրի Մկրտիչեան եղած է ԱՄՆ-ի “Հայրենիք” եւ Գանատայի “Հորիզոն” շաբաթաթերթերու թղթակիցը Հայաստանի մէջ, հրապարակուած յօդուածներ եւ հարցազրոյցներ ունի սփիւռքի եւ Հայաստանեան զանազան թերթերու մէջ։ Երկու տարի եղած է Tert.am լրատուակայն կայքի արեւմտահայերէն բաժնի խմբագիր,
2012-ին հիմնուած, Հայաստանի մէջ գործող միակ եւ Սփիւռքի մէջ գործող առաջին արեւմտահայերէն ԵՌԱԳՈՅՆ լրատուական կայքի հիմնադիրներէն է եւ երկու տարի եղած նոյն կայքի խմբագիրը։
Նորանշանակ խմբագիրը 2001 թուականէն առայսօր կ’ապրի Հայաստանի մէջ, կը տիրապետէ հայերէնի երկու ճիւղերուն եւ արաբերէն լեզուին, գիտէ անգլերէն, ամուսնացած է ունի մէկ դուստր: