Պելառուսի մայրաքաղաք Մինսքի մէջ ԱՊՀ-ի վեհաժողովին յաջորդած Եւրասիական գերագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտարարուեցաւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան մասին:
1 Յունուար 2015-էն պիտի սկսի գործել Եւրասիական տնտեսական միութիւնը, որուն կ՛անդամակցի նաեւ Հայաստան:
Հայաստանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Պելառուսի՝ նշելով, որ վերջին տասնամեակին աւանդաբար այդ երկրին մէջ կ՛ընդունուին բոլորին համար կարեւոր վճիռները:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսաւ, թէ համոզուած է, որ Հայաստանի անդամակցութեան մասին փաստաթուղթը պատմական է, անոր միջոցով պիտի սկսի յետխորհրդային տարածքին մէջ համարկման նոր հանգրուան մը:
Հայաստան որոշած է անդամակցիլ Եւրասիական տնտեսական միութեան, որովհետեւ այդ կառոյցը կը նկատէ յետխորհրդային տարածքին մէջ պետութիւններու համագործակցութեան հիմնական ձեւաչափ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստանի պարագան անշուշտ  իւրայատուկ է, որովհետեւ հանրապետութիւնը չունի սահմաններ միութեան այլ երկիրներու հետ, սակայն ինք համոզուած է, որ ատիկա խոչընդոտ չի դառնար Հայաստանի համարկման:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ըսաւ, թէ համոզուած է, որ Հայաստան պատրաստ է Ռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Պելառուսի հետ հաւասար աշխատելու Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ:
Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ, որ նախապէս վերապահումներով խօսած էր Հայաստանի անդամակցութեան կարելիութեան մասին, նոյնպէս նշեց, որ այլեւս խոչընդոտներ չկան: «Աւելի՛ն, կարելի եղած է փոխ զիջման հասնիլ փափկանկատութիւն պահանջող այն հարցին մէջ, թէ ո՛ր սահմաններով Հայաստան պիտի անդամակցի: Այդ հարցն ալ արդէն վերցուած է», ըսաւ Նազարպայեւ:

Մասնակցութիւն՝ ԱՊՀ-ի Վեհաժողովին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Մինսքի մէջ մասնակցեցաւ ԱՊՀ-ի պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի ժողովին, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, նիստի օրակարգի հարցերէն յատկապէս առանձնացուց Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակի 70-ամեակին առիթով ԱՊՀ-ի երկիրներու ժողովուրդներուն եւ միջազգային հանրութեան ուղղուած ուղերձը:
«Քսաներորդ դարու համաշխարհային երկու պատերազմներու արիւնալի դասերը, ինչպէս մեր ժողովուրդներու հերոսութեան դասերը, պէտք է տպաւորուին ապագայ սերունդներու յիշողութեան մէջ», յայտարարեց Հայաստանի նախագահը՝ շարունակելով «Այդ առիթով նախատեսուած ձեռնարկները պէտք է ընդգծեն առաջնահերթութիւնը մեր երկիրներուն  համար այնպիսի հարցերու, ինչպիսիք են հակադարձումը պատմութեան վերաքննականութեան եւ նացիականութեան հերոսացման  փորձերուն, խտրականութեան, այլատեացութեան եւ անհանդուրժողականութեան դրսեւորումներու  դէմ պայքարը, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլումը, երիտասարդութեան դաստիարակութիւնը հանդուրժողականութեան, ազգամիջեան եւ միջդաւանական համերաշխութեան ոգիով»:

«Հայ ժողովուրդը լսելով չէ որ գիտէ,
թէ ի՛նչ է կրօնական եւ ցեղային
անհանդուրժողականութիւնը:
Յառաջիկայ տարի մենք կը նշենք
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը»

«Հայ ժողովուրդը լսելով չէ որ գիտէ, թէ ի՛նչ է կրօնական եւ ցեղային  անհանդուրժողականութիւնը: Յառաջիկայ տարի մենք կը նշենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Ամբողջ աշխարհի մէջ նախատեսուած են լայնածաւալ ձեռնարկներ: Մենք կը մեկնինք այն փաստէն, որ այդ սարսափելի յանցագործութեան կրկնութեան կանխարգիլման կարեւորագոյն գործիքներէն մէկը մարդկութեան դէմ արդէն կատարուած յանցագործութիւններու ճանաչումն ու դատապարտումն է», շեշտեց Սարգսեան:
Հայաստանի նախագահը նշեց, որ կրօնական անհանդուրժողականութեան վերջին դրսեւորումներէն մէկը դարձաւ սուրիական Տէր Զօր քաղաքին մէջ գտնուող Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Սրբոց Նահատակաց համալիրի ականահարումը, որ կազմակերպուած էր ինքզինք «Իսլամական պետութիւն» անուանող ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ: Սարգսեան աւելցուց, որ այդ եկեղեցւոյ  դամբարանին մէջ պահպանուող ցեղասպանութեան զոհերու մասունքներուն պղծումը, անմարդկային հալածանքները, որոնց կ՛ենթարկուին Միջին Արեւելքի քրիստոնէական, եզիտիական եւ այլ համայնքները, չեն կրնար արդարացուիլ եւ չեն կրնար տեղաւորուիլ մեզի յայտնի կրօններու, որոնց շարքին նաեւ՝ իսլամական կրօնի փիլիսոփայութեան մէջ: «Մենք շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք մեզի հետ վճռականօրէն դատապարտեցին այդ բարբարոսութիւնը»,  ըսաւ  Հայաստանի նախագահը:
Ան համոզում յայտնեց, որ աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ քաղաքական իրավիճակի սրման, միջազգային լարուածութեան աճի դիմաց՝ համագործակցութիւնը պէտք է ուղղուած ըլլայ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման, գոյութիւն ունեցող  տագնապներու լուծման եւ հաւանական տագնապներու կանխարգիլման բացառապէս խաղաղ միջոցներով, միջազգային իրաւունքի, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նպատակներու եւ սկզբունքներու, ինչպէս նաեւ Հելսինքեան Եզրափակիչ հռչակագիրի դրոյթներուն հիման վրայ:

Ուշաքով Կը Հաստատէ
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով խօսելով լրագրողներուն յայտնած է, թէ Հայաստան 1 Յունուար 2015-ին պիտի միանայ Ռուսիոյ, Պելառուսի եւ Ղազախստանի Եւրասիական տնտեսական միութեան, աւելցնելով թէ նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի նաեւ Վիեթնամի, Իսրայէլի, Հնդկաստանի եւ Եգիպտոսի հետ համագործակցութեան ընդլայնման հարցը:
Ռուսիոյ նախագահի օգնականը նշած է, որ   Մինսքի հանդիպումին մասնակցած են  Ռուսիոյ, Պելառուսի, Ղազախստանի, Հայաստանի եւ Ղըրխըզիստանի նախագահները:
Մայիսին Պելոռուսիան, Ռուսիան եւ Ղազախըստանը Եւրասիական տնտեսական միութեան ըս¬ տեղծման մասին փաստաթուղթ ստորագրած էին:
Նշենք, թէ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը կը նկատուի միջազգային իրաւական ենթակայութիւն ունեցող շրջանային տնտեսական համարկման միջազգային կազմակերպութիւն: